Menu - 2026

🌘 ԿԱՐԳ ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐԻ



ժամերգութեան սկսելէ առաջ բեմին կեդրոնը կը դրուին 12 մոմեր աշտանակներու վրայ` 12 առաքեալները խորհրդանշող, որոնցմէ մեկը` Յուդան, սեւ կը ներկուի:

12 աշտանակներուն կեդրոնը կը դրուի աւելի մԵծ մոմ մը՝ Յիսուսը խորհրդանշող:

Մոմերը պէտք չէ վառած ըլլան:

👑 Քահանայ.

🔸 Օրհնեալ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս։ Ամէն։ Հայր մեր, որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն Քո։ Եկեսցէ արքայութիւն Քո։ Եղիցին կամք Քո որպէս յերկինս եւ յերկրի։ Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր։ Եւ թող զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց։ Եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա զմեզ ի չարէ։

🔸 Զի Քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս։ Ամէն։

Chat GPT Image 18 ene 2026 12 49 10

Քահանայ. Տէր եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո:

Սարկաւագ. Օրհնեալ է Աստուած:

Քահանայ. Տէր եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո:

Սարկաւագ. Գովեալ է Աստուած:

Քահանայ. Օրհնեալ համագոյ եւ միասնական անբաժանելի Սուրբ Երրորդութիւնն՝ Հայր եւ Որդի եւ Հոգի Սուրբ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՍԱՂՄՈՍ 3

🧔 Սարկաւագ.

🔸 Տէր, զի բազում եղեն նեղիչք իմ, եւ բազումք յարեան ի վերայ իմ: Բազումք ասէին զանձնէ իմմէ, թէ չիք փրկութիւն սորա առ Աստուած իւր:

🔸 Այլ դու, Տէր, օգնական իմ ես, փառք իմ եւ բարձրացուցիչ գլխոյ իմոյ: Ձայնիւ իմով ես առ Տեր կարդացի, եւ լուաւ ինձ ի լեռնէ սրբոյ իւրմէ:

🔸 Ես ննջեցի եւ ի քուն եղէ, զարթեայ եւ ՏԷր ընդունելի իմ Է: Ոչ երկեայց ես ի բիւրաւոր զօրաց նոցա, ոյք շուրջանակի պատեալ պաշարեալ պահէին զիս:

🔸 Արի, Տէր, եւ փրկեա զիս, Աստուած իմ, զի դու հարեր զամենեսեան ոյք էին ընդ իս թշնամութեամբ ի տարապարտուց, եւ զատամունս մեղաւորաց փշրեսցես: Տեառնդ է փրկութիւն, ի վերայ ժողովրդեան քո օրհնութիւն քո:

🔸 Ողորմութեամբ քով սատակեա ըզթըշնամիս իմ, եւ կորո զամենայն նեղիչս անձին իմոյ. զի ես ծառայ քո եմ:

🔸 Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սըրբոյ: Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

🔸 Ցիշեսցուք ի գիշերի զանուն քո, Տէր:

🔸 Բըղխեսցեն սիրտք մեր զբան բարի, եւ լեզուք մեր պատմեսցեն զգործս երկնաւոր թագաւորիդ:

🔸 Ի մէջ գիշերի յարուցեալ խոստովանեսցուք ըզքեզ, Տէր:

🔸 Զաղօթս մեր տացուք քեզ, Տէր, ի գաւիթըս քո ի մէջ նոր Երուսաղէմի:

🔸 Ի գիշերի համբարձցուք ըզձեռըս մեր սըրբութեամբ առ քեզ, Տէր:

🔸 Ի ձայն գոհութեան, ամենայն հոգիք, օրհնեցէք ըզՏէր:

🔸 Զարթիք փառք իմ, զարթիք, եւ ես զարթեայց առաւօտուց, ալէլուիա:

🔸 Զարթիք ընդ զըւարթունս, մանկունք վերինըն սիոնի, ալէլուիա:

🔸 Զարթիք որդիք լուսոյ, ի յօրհնութիւն Հօրըն լուսոյ, ալէլուիա:

🔸 Զարթիք փըրկեալք արեամբ, եւ տուք ըզփառըս փըրկողին, ալէլուիա:

🔸 Զարթիք նոր ժողովուրդք, նոր երգս առեալ նորոգողին, ալէլուիա:

🔸 Զարթիք հարսունք հոգւով, սպասեալք գալոյ սուրբ փեսային, ալէլուիա:

🔸 Զարթիք վառեալք լուսով ըստ իմաստուն սուրբ կուսանացն, ալէլուիա:

🔸 Զարթիք պատրաստեցեք իւղ լապտերաց զջերմ արտասուս, ալէլուիա:

🔸 Զարթիք եւ մի՛ նընջէք, նըման յիմար կուսից նիրհէք, ալէլուիա:

🔸 Զարթիք երկիրպագցուք եւ արտասուօք զայս ասասցուք, ալէլուիա:

🔸 Զարթիք ընդէ՞ր նընջես, Տէր, մի՛ մերժեր ըզմեզ ի սպառ:

🔸 Արի, Տէր, օգնեա մեզ, տացուք անուանըդ քում ըզփառս:

🔸 Այժմ եւ յաւէտ, Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն: Ամէն:

🔸 Զարթուցեալքս ի զբաղմանէ գիշերային հանգըստենէ:

🔸 Շնորհեսցէ մեզ մարդասէր Տէր մըխիթարութիւն եւ ի սփոփանս եկեղեցւոյ:

🔸 Ահիւ եւ դողութեամբ կացցուք ի յաղօթս:

🔸 Եկեալ խոստովանեսցուք ըզյանցանս:

🔸 Եւ գըտցուք ի Քրիստոսէ ըզքաւութիւն եւ ըզմեծ զողորմութիւն:

🔸 Յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: Սլէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա:

🔸 Ամէն: Սլէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա:

coro hombres

ՔԱՐՈԶ

🧔 Սարկաւագ.

🔸 Զա՛րթո՛ւցեա՛լքս ամենեքեան ի հանգըստենէ՛ քը՛նո՛յ, զոր շնորհեա՛ց մեզ մարդասէրն Աստուած ի մըխիթարութիւն եւ ի սփոփանըս տըկարութեա՛ն մե՛րո՛ւմ: Եւ եկեա՛լքըս միաբան հոգեւոր երգով ի փառաբանութիւն եւ ի պատիւ ամենասուրբ անուան Տեառըն մերոյ եւ փըրկչին Յիսուսի Քրի՛ստո՛սի՛: Ա՛հի՛ւ եւ դողութեամբ կացցուք յաղօթս առաջի նորա, եւ գոհացարուք ըզնըմանէ ի գիշերային ժամուս յայսմիկ, վասն իրաւանց եւ արդարութեան նո՛րա՛: Որ ընտրեա՛ց ըզմեզ ողորմութեամբն իւրով, եւ շնորհեաց մեզ բերել ըզնըմանութիւն երկնային հրեշտակացն ի փառաբանիչըս Տեառն Աստուծոյ ամենեցուն եւ մե՛զ լի՛նի՛լ: Ե՛ւ մե՛ք այսուհետեւ սըրբելով զանձինըս մեր ի խըղճէ եւ ի չա՛ր գո՛րծո՛ց: Համբարձցո՛ւք ըզձեռըս մեր ի սըրբութիւն առանց բարկութեան եւ երկմըտո՛ւթեա՛ն: Հաւատո՛վ խընդրեսցուք ի նըմանէ ըզքաւութիւն եւ ըզթողութիւն յանցանա՛ց մե՛րոց: Խոստովա՛ն լինելով ըզգաղտնիս սըրտից մերոց ծածկագիտին Ա՛ստո՛ւծո՛յ: Ո՛րպէ՛ս զի ընդունելով ըզպաղատանըս մեր աղօթիւք եւ բարեխօսութեամբ ամենա՛յն սը՛րբո՛ց: Շնորհեսցէ՛ մեզ մարդասէրն Սատուած կեալ առաքինութեամբ եւ անարատ վարուք ըստ կամաց նորա յայսըմ ա՛շխա՛րհի՛ս: Եւ արժանաւո՛ր լինելով յաւիտենական եւ երկնային խո՛րա՛նա՛ցն: Զո՛ր խո՛ստա՛ցա՛ւ սիրելեաց իւրոց ճշմարիտն Ատոուած Յիսուս Քրիստոս, Տէր մեր, կեցո եւ ողո՛րմեա:

Սարկաւագ

Դպիրներ. Կե՛ցո՛, Տէ՛ր:

Սարկաւագ. Ըզմընացուա՛ծ գիշերիս խաղաղութեամբ անցուցանել հաւատո՛վ ի Տեառնէ՛ խընդրե՛սցո՛ւք:

Դպիրներ. Շնո՛րհեա՛, Տէ՛ր:

Սարկաւագ. Ըզհրեշտա՛կ խաղաղութեան պահապան անձա՛նց մե՛րո՛ց՝ ի Տեառնէ՛ խընդրե՛սցո՛ւք:

Դպիրներ. Շնո՛րհեա՛, Տէ՛ր:

Սարկաւագ. Ըզքաւութի՛ւն եւ ըզթողութիւն յանցանա՛ց մե՛րո՛ց՝ ի Տեառնէ՛ խընդրե՛սցո՛ւք:

Դպիրներ. Շնո՛րհեա՛, Տէ՛ր:

Սարկաւագ. Ըզսըրբոյ խաչին մե՛ծ եւ կարո՛ղ զօրութիւնն յօգնութիւն անձա՛նց մերո՛ց՝ ի Տեառնէ՛ խընդրե՛սցո՛ւք:

Դպիրներ. Շնո՛րհեա՛, Տէ՛ր:

Սարկաւագ. Եւ ե՛ւըս միաբա՛ն վասը՛ն ճըշմարիտ եւ սուրբ հաւատոյս մերո՛յ՝ ըզՏէ՛ր աղաչե՛սցո՛ւք:

Դպիրներ. Տէ՛ր, ողորմեա:

Սարկաւագ. Զանձինըս մե՛ր եւ ըզմիմեանըս Տեա՛ռն Աստուծոյ ամենակալի՛ն յա՛նձն արա՛սցո՛ւք:

Դպիրներ. Քեզ Տեա՛ռնդ յանձն եղի՛ցո՛ւք:

Սարկաւագ. Ողորմեաց մե՛զ, Տէր Աստուած մե՛ր, ըuտ մեծի ողորմութեան քո՛ւմ. ասասցուք ամենեքեան միաբանո՛ւթեա՛մբ:

Դպիրներ. Տէր, ողորմեա, Տէր, ողորմեա, Տէր, ողորմեա:


ԵՐԳ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար, առ իս լոյս ծագեա: Բըղխումն ի Հօրէ, բըղխեա ի հոգւոյս, բան քեզ ի հաճոյս:

🔸 Գանձդ ողորմութեան, գանձիդ ծածկելոյ, գըտող զիս արա: Դուռն ողորմութեան, դաւանողիս բաց, դասեցո վերնոցն:

🔸 Երրեակ միութիւն, եղելոց խնամող, եւ ինձ ողորմեա: Զարթիր, Տէր, յօգնել, զարթո ըզթըմրեալս, զուարթնոյց նըմանիլ:

🔸 Էդ Հայր անըսկիզբն, էակից Որդի, Է միշտ Սուրբ Հոգի: Ընկալ զիս գըթած, ընկալ ողորմած, ընկալ մարդասէր:

🔸 Թագաւոր փառաց, թողութեանց տըւող, թող ինձ ըզյանցանս: Ժողովող բարեաց, ժողովեա եւ զիս, ժողովս անդրանկաց:

🔸 Ի քէն, Տէր, հայցեմք, ի մարդասիրէդ, ինձ բըժըշկութիւն: Լեր կեանք մեռելոյս, լոյս խաւարելոյս, լուծանող ցաւոյս:

🔸 Խորհըրդոց գիտող, խաւարիս շնորհեա, խորհուրդ լուսաւոր: Ծընունդ Հօր ծոցոյ, ծածկելոյս ստուերաւ, ծագեա լոյս փառաց:

🔸 Կենարար փըրկիչ, կեցո ըզմեռեալս, կանգնեա զգըլորեալս: Հաստեա հաւատով, հաստատեա յուսով, հիմնեցո սիրով:

🔸 Ձայնիւս աղաչեմ, ձեռօքս պաղատիմ, ձիր բարեաց շնորհեա: Ղամբարամբ լուսոյ, ղեկավար ճարտար, ղօղեալս ամրացո:

🔸 Ճառագայթ փառաց, ճանապարհ ինձ ցոյց, ճեպել ի յերկինս: Միածինըդ Հօր, մոյծ զիս յառագաստ, մաքուր հարսանեացդ:

🔸 Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրն, յիշեա զիս, Քրիստոս: Նորոգող հնութեանց, նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա:

🔸 Շնորհատու բարեաց, շնորհեա զքաւութիւն, շնորհեա զթողութիւն: Ուրախացո, Տէր, ոգւոյս փըրկութեամբ, ոյր վասն եմ ի սուգ:

🔸 Չար մըշակողին, չար սերմանց նորին, չորացո զպըտուղն: Պարգեւիչ բարեաց, պարգեւեա իմոց պարտեացս թողութիւն:

🔸 Ջուր շնորհեա աչացս, ջերմ հեղուլ զարտօսր, ջընջել ըզյանցանս: Ռետինըդ քաղցու, ռամ հոգւոյս արբո, ռահ ցոյց ինձ լուսոյ:

🔸 Սէր անուն Յիսուս, սիրով քով ճըմլեա, սիրտ իմ քարեղէն: Վասըն գըթութեան, վասն ողորմութեան, վերըստին կեցո:

🔸 Տենչալւոյդ տեսլեամբ, տուր ինձ յագենալ, Տէր Յիսուս Քրիստոս: Րաբունդ երկնաւոր, րnտեա զաշակերտս, րամից երկնայնոց:

🔸 Ցօղ արեան քո, Տէր, ցօղեա ի հոգիս, ցընծասցէ անձն իմ: Իիւծեալըս մեղօք, ւիւծեաը աղաչեմ, ւիւսել ինձ բարիս:

🔸 Փըրկիչ բոլորից, փութա զիս փըրկել, փորձութեանց մեղաց: Քաւիչ յանցանաց, քաւեա զօրհնաբանս, քեզ երգել ըզփառս:

🔸 Սըրբուհւոյ Աստուածածնին բարեխօսութեամբ:

🔸 Յիշեա, Տէր, եւ ողորմեա:

coro hombres


ԱՂՕԹՔ

Քահանայ. Զքէն գոհանամք, Տէր Աատուած մեր, որ շնորհեցեր մեզ հանգիստ քնոյ խաղաղութեամբ, եւ զարթուցեալ ժամանեցուցեր զմեզ կանխել յերկրպագութիւն ահաւոր եւ փառաւորեալ անուանդ քում սրբոյ: Տուր մեզ, Տէր, աղաչեմք զքեզ, զմնացուած գիշերիս խաղաղութեամբ անցուցանել, եւ զամենայն ժամանակս կենաց պանդխտութեան մերոյ երկիւղիւըդ քո ամրացո եւ պահեա: Որպէս զի զգուշութեամբ եւ անարատ վարուք կրօնաւորեալք յայսմ աշխարհիս, ժամանեսցուք յանքոյթ եւ ի խաղաղ նաւահանգիստ յաւիտենական ի կեանսդ: Շնորհօք եւ մարդասիրութեամբ Տեառն մերոյ եւ փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, ընդ որում քեզ Հօր եւ Հոգւոյդ Սրբոյ վայէլ Է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Խաղաղութիւն ամենեցուն:

Աստուծոյ երկիրպագեսցուք:

Նայեաց, Տէր բարերար, ողորմութեամբ քով յերկրպագուս եւ ի փառաբանիչս անուանդ քում սրբոյ: Տէր զօրութեանց, խաղաղացո զանձինս մեր յամենայն սատանայական խռովութեանց եւ յաշխարհական զբօսանաց: Զհրեշտակ խաղաղութեան քո առաքեա առ մեզ, որ եկեալ պահեսցէ զմեզ անխռովս ի տուէ եւ ի գիշերի, յարթնութեան եւ ի հանգստեան մերում: Որպէս զի բարեպաշտութեամբ եւ արժանաւորապէս քեզ Տեառնըդ ծառայելով ի կեանս յայսոսիկ, ժամանեսցուք յաւիտենական երկնից արքայութեան քո, զոր պատրաստեցեր ի սկզբանէ աշխարհի սրբոց քոց: Եւ ընդ նոսին գոհանալով փառաւորեսցուք զՀայր եւ զՈրդի եւ զՍուրբ Հոգիդ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ԿԱՆՈՆԱԳԼՈՒԽ ԴՁ 146(147).1-7, 147(146).12-20

🧔 Սարկաւագ.

🔸 Օրհնեա, անձն իմ, ըզՏեր, օրհնեցից ըզՏէր ի կեանս իմ. ալէլուիա: Սաղմոս ասացից Աստուծոյ իմոյ, մինչեւ եմ ես. ալէլուիա:

🔸 Մի՛յուսայք յիշխանս՝ յորդիս մարդկան, զի ոչ գոյ փըրկութիւն ի նոսա. ալէլուիա:

🔸 Ելցէ հոգի ի նոցանէ եւ դարձցին անդրէն ի հող, եւ յայնմ աւուր կորիցեն ամենայն խորհուրդք նոցա. ալէլուիա:

🔸 Երանի ազգի, որոյ Տէր Աստուած Յակոբայ օգնական է նմա, եւ յոյս նորա ի Տէր Աստուած է. ալէլուիա:

🔸 Ո արար զերկինս եւ զերկիր, ըզծով եւ զամենայն, որ է ի նոսա. ալէլուիա:

🔸 Ո պահէ ըզճըշմարտութիւն յաւիտեան եւ առնէ իրաւունս զըրկելոց. ալէլուիա:

🔸 Փոխ. Գովեա, Երուսաղէմ, ըզՏէր. ալէլուխա:

🔸 Եւ օրհնեա զԱստուած քո, Սիոն. ալէլուիա:

🔸 Զի զօրացոյց ըզնիգըս դրանց քոց եւ օրհնեաց զորդիս քո ի քեզ. ալէլուիա:

🔸 Ո եդ ըզսահմանըս քո ի խաղաղութիւն, պարարտութեամբ ցորենոյ լըցոյց ըզքեզ. ալէլուիա:

🔸 Առաքէ ըզբան իւր յերկիր, վաղվաղ ընթանան պատգամք նորա. ալէլուիա:

🔸 Դընէ ըզձիւն որպէս զասը, եւ ըզմեգ որպէս փոշի ցանեաց. ալէլուիա:

🔸 Արկանէ ըզսառն որպէս պատառս. առաջի ցըրտոյ նորա ո՞կարե կալ. ալէլուիա:

🔸 Առաքէ ըզբան իւր եւ հալէ զնոսա, շընչեսցեն հողմբ, եւ գնասցեն ջուրք. ալէլուիա:

🔸 Պատմէ ըզբան իւր Յակոբայ, զարդարութիւն եւ զիրաւունս Իսրայէլի. ալէլուիա:

🔸 Ոչ այսպէս արար ամենայն ազգաց Տէր եւ ըզդատաստանս իւր ոչ յայտնեաց նոցա. ալէլուխա:

🔸 Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սըրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: Ալէլուիա:

coro hombres

ՀԵՏԵՒԱԿ ՇԱՐԱԿԱՆ ԴՋ

🧔 Սարկաւագ.

🔸 Այսօր ի կատարումն աստուածային ընթրեաց նոր ուխտի ճշմարտութեան Քո՝ ի վերնատունն խորհրդոյ տարամերժեալ Յուդաս ի հօտէն փոքու, ուստի եւ Դու, Գա՛ռն Աստուծոյ, դիմեալ կամաւ ի մահ խաչի առ ի բառնալ զմեղս աշխարհի. վասն որոյ խնայեա՛ ի մեզ, Քրիստո՛ս, կամաւոր Քո չարչարանօք:

🔸 Այսօր, որ ի հրեղէն զօրաց երկնից միշտ փառաբանեալ երկրպագիս, Բա՛նդ, աղօթէիր առ Հայր՝ մարմնով ընկալեալ ընդ Հօր զՔո վասն իմ զպաղատանս, ուստի կամաւ կրելով զերկիւղ՝ ի հրեշտակաց զօրանայիր, Զօրացուցի՛չդ երկնաւորաց եւ երկրաւորաց. վասն որոյ խնայեա՛ ի մեզ, Քրիստո՛ս, կամաւոր Քո չարչարանօք:

🔸 Այսօր յառաջ նշանակեալ հրամանն Քո կատարիւր յաշակերտաց դասն, քանզի զՀովիւդ քաջ հարեալ՝ ցրուեցաւ հօտն՝ ըստ մարգարէին. որ եւ կապեցար, Անկապելի՛դ, ի յԱննայէ եւ ի Կայիափայ դատապարտեալ. ի ծառայէ ապտակեցար եւ նախատանաց թուք, Կերպարա՛նդ Հօր, ընկալար. վասն որոյ խնայեա՛ ի մեզ, Քրիստո՛ս, կամաւոր Քո չարչարանօք: Կատարող՝ Հովհաննես սարկավագ Ներսեսյան:

coro hombres

Բեմին վրայ դրուած մոմերը կը վառին, բացի սեւ մոմէն, որ դրուած է ամենէն ծայրը:

Իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցումէն ետք, նախ մեկ, ապա զոյգ-զոյգ մարել մոմերը, վառ պահելով կեդրոնի մեծ մոմը:


ՍԱՂՄՈՍ 2.1

Ընդէ՞ր խռովեցան հեթանոսք, եւ ժողովուրդք խորհեցան ի սնոտիս:

ԵՐԳ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Իշխանք ժողովեցա՛ն ի մի՛ասի՛ն. վասըն Տեառն եւ վա՛սն օծելոյ նորա՛:

Սարկաւագ

Երեք անգամ, վերջինը ամբողջ ձայն մը բարձր:


ԵՐԳ ՆԵՐՍԻՍԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻՈՅ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Այսօր անճառ Լուսոյն ծագումն Ի փրկութեան մեր կատարումն Խոնարհի ի վերնատունն՝ Ի ստուերական տօնից լրումն: Նախ քան զընթրիսն խորհրդոյ Սփածաւ ղենջակ Արկողն լուսոյ Եւ ջուր առեալ ծառայաբար՝ Զոտս լուանայր զաշակերտացն:

🔸 Բանին Հօր փառաց լուսոյ Պետրոս մերձիլ յոտս ոչ ներէր՝ Այնմ, ձեռաց Որոյ են գործք Երկնից երկինք եւ երկրաւորք. Որով կուրաց աչք բացան, Խուլք եւ համերք արձակեցան. Որ վերածեաց զինքն ի ծովին, Սաստեաց ալեացն, եւ լռեցին:

🔸 Գլխոյն ընտրեալ հօտին փոքու Սաստէր զխորհուրդն ոչ գիտելոյ, Որով դառնայր եւ հնազանդէր, Զոտս եւ զգլուխս մաքրել մաղթէր: Գլխոյս, ասէ, չէ ինչ պիտոյ Լուացումն ջրոյ, զի լուացեալ է. Ոտիցդ պէտք են մաքրութեան՝ Յօդիլ ի գլուխս սրբութեամբ:

coro hombres
Սարկաւագ. Օրթի:

Քահանայ. Խաղաղութիւն ամենեցուն:

Դպիրներ. Եւ ընդ հոգւոյդ քում:

Սարկաւագ. Երկիւղածութեամբ լուարուք:

Քահանայ. Սրբոյ Աւետարանիս Յիսուսի Քրիստոսի որ ըաո Յովհաննու (13.16-14.31):

Դպիրներ. Փառք քեզ, Տէր, Աստուած մեր:

Սարկաւագ. Պոօսխումէ:

Դպիրներ. Ասէ Աստուած:

Քահանայ. Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս ասէ.-.

Լա՛ւ գխտցեք, թէ ծառան իր տիրոջմէ մեծ չէ եւ ոչ ալ ղրկուածը՝ զինք ղրկողէն: ԵթԷ ասիկա դիտէք, երանելի պիտի ըլլաք` ԵթԷ գործադրէք զայն: Խօսքս բոլորիդ համար չէ, որովհետեւ ես կը ճանչնամ ընտրածներս. այլ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքին խօսքը, որ կ'ըսէ. «Ան որ ինծի հետ հաց կ'ուտէր՝ դաւաճանեց ինծի»: Հիմակուընէ իսկ կ'ըսեմ ձեզի, տակաւին ասիկա չպատահած, որպէսզի երբ պատահի՝ հաւատաք թէ Ես եմ: Լա՛ւ գիտցէք, թէ ով որ կ'ընդունի ան՝ որ ես պիտի ղրկեմ զիս ընդունած կ'ըլլայ, եւ ով որ զիս կ'ընդունի՝ ընդունած կ'ըլլայ զիս ղրկողը:

Այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ Յիսուս հոգեպէս խռովեցաւ եւ բացայայտօրէն ըսաւ.

- Լա՛ւ գիտցէք, թէ ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս:

Աշակերտները իրարու կը նայէին՝ շուարած, թէ որո՞ւն համար կ'ըսէ: Աշակերտներէն մէկը, զոր Յիսուս կը սիրէր, բազմած էր Յիսուսի կողքին: Սիմոն Պետրոս նշան ըրաւ անոր՝ հարցնելու թէ որո՞ւն համար կ'ըսէ:

Այդ աշակերտը Յիսուսի կողմը դառնալով` հարցուց.

- Տէ՛ր, ո՞վ է:

Յիսուս պատասխանեց.

- Պատառը թաթխելով որո՛ւն որ տամ՝ ան է:

Եւ պատառը թաթխելով տուաւ Իսկարիոտացի Յուդային: Յուդա հազիւ պատառը առած` Սատանան իր մէջ մտաւ:

Յիսուս ըսաւ անոր.

- Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ:

Սեղանին շուրջ նստողներէն ո՛չ ոք հասկցաւ, թէ ինչո՛ւ այս խօսքը ըսաւ անոր: Եւ որովհետեւ Յուդայի մօտ կը գտնուէր գանձանակը, աշակերտներէն ոմանք կարծեցին՝ թէ Յիսուս անոր ըսաւ. «Գնա՛ եւ տօնին առիթով ինչ որ մեզի պէտք Է՝ գնէ, եւ կամ աղքատներուն բան մբ տուր»:

Յուդա պատառը առնելէ ետք՝ անմիջապէս դուրս ելաւ: Եւ գիշեր էր:

Յուդայի մեկնելէն ետք, Յիսուս ըսաւ.

Այժմ փառաւորուեցաւ Մարդու Որդին եւ Աստուած փառաւորուեցաւ անով: Եւ եթէ Աստուած փառաւորուեցաւ անով, Աստուած ալ զայն պիտի փառաւորէ իրմով. եւ շուտով պիտի փառաւորէ զայն: Որդեակնե՛ր, կարճ ժամանակ մըն ալ ձեզի հետ եմ. պիտի փնտռէք զիս: Եւ ինչպէս որ Հրեայ ղեկավարներուն ըսի՝ ձեզի ալ կ'ըսեմ. «Հոն՝ ուր ես կ'երթամ, դուք չեք կրնար գալ»: Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք իրար: Ինչպէս ես ձեզ սիրեցյի՝ դուք ալ իրար սիրեցեք: Ձեր իրար սիրելով Է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս Էք:

- Տէ՛ր, ո՞ւր կ'երթաս, - Հարյույ Սիմոն Պետրոս:

Յիսուս պատասխանեց.

- Հոն՝ ուր ես կ'երթամ, այժմ չես կրնար գալ, բայց յետոյ պիտի գաս ետեւէս:

Պետրոս ըսաւ.

- Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար հետեւիլ քեզի: Կեանքս անգամ կը զոհեմ քեզի համար:

Յիսուս պատասխանեց.

- Կեա՞նքդ պիտի զոհես ինծի համար: Լա՛ւ գիտցիր, որ աքաղաղը չկանչած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս:

Ապա Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն.

- Թող չխռովին ձեր սիրտերը: Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ ինծի: Հօրս տան մէջ շատ օթեւաններ կան. եթէ այդպէս չըլլար` չէի ըսեր ձեզի, թԷ կ'երթամ եւ ձեզի համար տեղ կը պատրաստեմ: Եւ երբ երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի դամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ: Եւ դուք գիտէք թէ ո՛ւր կ'երթամ եւ անոր ճամբան ալ գիտեք:

Թովմաս ըսաւ իրեն.

- Տէ՛ր, չենք գիտեր ուր կ'երթաս. արդ, ինչպէ՞ս կրնանք ճամբան գիտնալ:

Յիսուս պատասխանեց անոր.

- Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը: Միայն ինձմով կարելի է Հօրս երթալ: ԵթԷ զիս ճանչնայիք՝ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք. եւ այժմէն իսկ դուք գիտէք զայն եւ տեսած Էք զայն:

Փիլիպպոս ըսաւ.

- Տէ՛ր, ցոյց տուր մեզի Հայրը եւ կը բաւէ մեզի:

Յիսուս պատասխանեց.

- Այսքան ատեն ձեզի հետ եմ եւ տակաւին չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս: Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսած եղաւ, ալի՞նչպէս կ'ըսես՝ «Ցոյց տուր մեզի Հայրը»: Չե՞ս հաւատար թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրս իմ մէջս է: Այս խօսքերը որ ձեզի կ'ըսեմ ես ինձմէ չեմ ըսեր. Հայրը որ մէջս կը բնակի՝ իմ միջոցաւս կը կատարէ իր գործերը: Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրը իմ մէջս. եթէ ոչ խօսքերուս համար՝ գոնէ կատարած գործերուս համար հաւատացեք: Լա՛ւ գիտցէք, թէ ով որ ինծի կը հաւատայ՝ պիտի կատարէ ինչ որ ես կ'ընեմ եւ անոնցմէ աւելին ալ պիտի կատարէ, որովհետեւ ես Հօրս քով կ'երթամ: Եւ ինչ որ իմ անունովս խնդրէք՝ պիտի կատարեմ զայն, որպէսզի Հայրը փառաւորուի Որդիով: Սյո՛, եթէ ոեւէ բան խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի կատարեմ զայն:

Եթէ կը սիրէք զիս` պիտի գործադրէք իմ պատուխրաններս: Եւ ես Հօրս պիտի աղաչեմ՝ որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ: Անիկա Սուրբ Հոգին Է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ: Աշխարհի չի կրնար զայն ընդունիլ, որովհետեւ ո՛չ կը տեսնէ եւ ո՛չ ալ կը ճանչնայ զայն: Բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մէջ պիտի մնայ եւ ձեզի հետ պիտի ըլլայ:

Որբ պիտի չձգեմ ձեզ. կրկին պիտի գամ ձեզի: Մօտ ատենէն այլեւս աշխարհը զիս պիտի չտեսնէ, բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, որովհետեւ ես կ'ապրիմ եւ դուք ալ պիտի ապրիք: Այն օրը դուք պիտի գիտնաք՝ թԷ ես Հօրս մէջ եւ, դուք իմ մէջս եւ ես՝ ձեր մէջ: Ով որ կ'ընդունի իմ պատուիրաններս եւ կը գործադրէ զանոնք, ա՛ն է որ զիս կը սիրէ: Եւ Հայրս պիտի սիրէ զիս սիրողը: Ես ալ պիտի սիրեմ զայն եւ ինքզինքս յայտնեմ անոր:

Յուդան, ոչ Իսկարիոտացին, ըսաւ իրեն.

- Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ'ըլլայ որ ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ոչ թէ աշխարհին:

Յիսուս պատասխանեց անոր.

- Ով որ կր սիրէ զիս՝ խօսքերս կը գործադրէ. Հայրս ալ պիտի սիրէ զայն եւ ես ու Հայրս անոր պիտի գանք եւ անոր հետ բնակինք: Եւ ով որ չի սիրեր զիս` խօսքերս չի գործադրեր: Այս ըսածներս որ լսեցիք՝ իմ խօսքերս չեն, այլ խօսքերը Հօրս, որ զիս ղրկեց: Այս բոլորը խօսեցայ ձեղի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ: Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի:

Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս Է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր Է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք: Լսեցիք ինչ որ ըսի ձեզի, թէ «Ահա կ'երթամ, բայց կրկին պիտի գամ ձեզի»: ԵթԷ զիս սիրէիք, ուրախ պիտի ըլլայիք որ Հօրս կ'երթամ, որովհետեւ Հայրս ինձմէ մեծ է: Այս բոլորը ձեզի ըսի՝ նախ քան պատահիլը, որպէսզի երբ պատահին՝ այն ատեն հաւատաք: Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մեկ իշխանութիւն ունի: Բայց աշխարհը պէտք է գիանայ թէ ես Հայրը կը սիրեմ եւ այդ է պատճառը, որ ինծի տուած բոլոր պատուիրածները կը կատարեմ: Ելէ՛ք, երթանք այստեղէն:

📕 Ընթերցող.

🔸 Աղօթք հանդերձ ծունր դնելով զՏէր աղաչեսցուք: (Երիցս կրկնեա՛)

👑 Քահանայ.

🔸 Տէ՛ր, ողորմեա՛: (Երիցս կրկնեա՛)

🧔 Սարկաւագ.

🔸 Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք. ընկա՛լ, կեցո՛ եւ ողորմեա՛:

👑 Քահանայ.

🔸 Օրհնութի՜ւն եւ փա՜ռք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

sargavak rodillas

ԵՐԳ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Բան անօրէնութեան եդին ի վե՛րայ ի՛մ. ՏԷ՛ր, ՏԷ՛ր, մի թողո՛ւր զի՛ս:

Սարկաւագ

Երեք անգամ, վերջինը՝ ամբողջ ձայն մը բարձր:


ԵՐԳ ՆԵՐՍԻՍԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻՈՅ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Էլից զօրէնսըն Մովսիսի, զոր խօսեցաւ ի Սինայի, եկեր ըզգառն օրինակին եւ ըզբաղարջն ընդ եղեգին, ըզհինն ի նորըս փոխելով՝ զըստուերն ի լոյս ճըշմարտելով՝ փոխան գառինն ինքըն գոլով Գառն Աստուծոյ նըւիրելով:

🔸 Ընդ բաղարջին հաց անխըմոր ետ ըզմարմինն իւր զերկնաւոը` ըզկուսածինն` անսերմնաւոր զանապականն եւ զհոգեւոր, ընդ ոչխարին արեանն ուխտին ետ մեզ զարիւնն իւր ուխտ կըրկին եւ եղեգան դառնագունին փոխան՝ ըզվարս աստուածային:

🔸 Թագաւորն արարածոց զհացըն կենաց ետ քաղցելոց եւ ըզբաժակն ուրախարար՝ որք յԱդամայ տըրտմեցելոց. այս նոր ուխտ է իմոյ արեան, փոխան հընոյ ուխտին արեանց, զոր յիշատակ իմ առնիցէք, մինչեւ եկից ես միւսանգամ:

🔸 Ժողովեալքս ի Քէն հայցեմք ընդ ժողովեալ մետասանին, որ զկենարարդ Քո մարմին բաշխեալ ետուր ընդ բաժակին. Շնորհեա՛ եւ մեզ, Տէ՛ր, ընդ նոսին հաղորդ լինել Քում սեղանին. կենաց հացիդ, յՈր փափագիմք, եւ ըմպելւոյդ, Ում ծարաւիմք:

coro hombres
Սարկաւագ. Օրթի:

Քահանայ. Խաղաղութիւն ամենեցուն:

Դպիրներ. Եւ ընդ հոգւոյդ քում:

Սարկաւագ. Երկիւղածութեամբ լուարուք:

Քահանայ. Սրբոյ Աւետարանիս Յիսուսի Քրիստոսի որ ըաո Յովհաննու (13.16-14.31):

Դպիրներ. Փառք քեզ, Տէր, Աստուած մեր:

Սարկաւագ. Պոօսխումէ:

Դպիրներ. Ասէ Աստուած:

Քահանայ. Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս ասէ.-.

Մօտեցած էր Բաղարջակերաց տօնը, որ Զատիկ կը կոչուի: Աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները սկաան Յիսուսը ծածկաբար սպաննելու հնարք մը փնտռել, քանի ժողովուրդէն կը վախնային:

Ապա Սատանան մտաւ Իսկարիոտացի կոչուած Յուդային մէջ, որ տասնըերկու աշակերտներէն մեկն էր: Ասխկա դնաց եւ խօսեցաւ աւագ քահանաներուն, Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ տաճարի պահակապետներուն հետ, որպէսզի Յիսուսը անոնց յանձնէ: Անոնք շատ ուրախացան եւ խոստացան դրամ տալ իրեն: Յուդա համաձայնեցաւ եւ յարմար առիթ մբ կը փնտռէր, որպէսզի Յիսուսը մատնէ անոնց՝ ժողովուրդէն ծածուկ:

Եկաւ Բաղարջակերաց օրը, երբ պէտք էր որ Զատիկին համար դառնուկը մորթուէր: Յիսուս Պետրոսն ու Յովհաննէսը ղրկեց պատուիրելով.

Գացէք եւ զատկական ընթրիքը պատրաստեցէք, որպէսզի ուտենք:

Անոնք հարցուցին.

- Ո՞ւր կ'ուզես որ ընթրիքը պատրաստենք: Յիսուս ըսաւ.

- Հազիւ քաղաք մտած՝ մարդու մը պիտի հանդիպիք, որ ջուրի սափոր մր շալկած է: Հետեւեցէ՛ք անոր եւ մտէք այն տունը ուր ինք կը մտնէ, եւ տանտիրոջ ըսէք. «Վարդապետը կ'ըսէ, թէ ո՛ւր է սենեակը ուր ես աշակերտներուս հետ զատկական ընթրիքը պիտի ուտեմ»: Անիկա վերնայարկը մեծ եւ կահաւորուած սենեակ մը ցոյց պիտի տայ ձեզի: Հոն պատրաստեցէք ընթրիքը:

Անոնք գացին եւ ամէն ինչ գտան Յիսուսի ըսածին պէս եւ պատրաստեցին զատկական ընթրիքը:

Երբ ժամը հասաւ, Յիսուս տասնըերկու առաքեալներուն հետ սեղան բազմեցաւ, եւ ըսաւ անոնց.

Շատ փափաքեցայ զատկական այս ընթրիքը ձեզի հետ ընել չարչարունելէս առաջ: Բայց կ'ըսեմ ձեզի, թէ այլեւս ասկէ պիտի չուտեմ, մինչեւ որ ճշմարիտ Զատիկը կատարուի Աստուծոյ արքայութեան մէջ:

Ապա գինիի բաժակը առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ ըսաւ.

- Առէ՛ք ասիկա եւ իրարու փոխանցեցէք՝ խմելով ասկէ: Կ'ըսեմ ձեզի, թէ ասկէ ետք գինի պիտի չխմեմ, մինչեւ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ:

Ապա հաց առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, կտրեց եւ աշակերտներուն տըւաւ, ըսելով.

- Ասիկա մարմինս է,որ ձեզի համար տրուած Է: Ասիկա կատարեցէք իմ յիշատակիս համար:

Նոյնպէս, ընթրիքէն ետք, բաժակն ալ առաւ եւ ըսաւ.

- Այս բաժակը Աստուծոյ նոր ուխտն է, կնքուած իմ արիւնովս, որ ձեզի համար կը հոսի: Բայց ահա զիս մատնողը ինծի հետ սեղան նստած է: Ճիշդ է որ Մարդու Որդին պիտի մեռնի՝ ինչպէս որ Աստուած սահմանած է, բայց վա՛յ այն մարդուն որ զայն կը մատնէ:

Անոնք սկսան իրարու հարցնել թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի ընէ ատիկա:

Աշակերտներուն մէջ վէճ ծագեցաւ թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի նկատուի մեծը: Յիսուս անոնց ըսաւ.

Ազգերու թագաւորները կը տիրեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ եւ իշխողները բարերար կը կոչուին իրենց հպատակներուն կողմէ: Բայց ձեր պարագային այդպես պէտք չէ ըլլայ: Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս: Ո՞վ Է մեծը. սեղան բազմո՞ղը թէ սպասաւորը: Անշուշտ որ սեղան բազմողը: Բայց ես ձեր մեջ սպասաւորի պէս եմ: Դուք միշտ քովս մնացիք փորձութիւններուս ընթացքին, եւ ես ահա կը խոստանամ թագաւորութիւն տալ ձեզի, ինչպէս Հայրս ինծի տալ խոստացաւ: Իմ թագաւորութեանս մէջ իմ սեղանէս պիտի ուտէք ու խմէք եւ պիտի բազմիք գահերու վրայ՝ դատելու համար Իսրայէլի տասնրերկու ցեղերը:

Ապա Տէրը ըսաւ.

- Սիմո՛ն, Սիմո՛ն, ահա Սատանան ուզեց ձեզ ցորենի պէս մաղէ անցընել. բայց ես քեզի համար աղօթեցի, որ հաւատքդ չտկարանայ. եւ երբ կրկին ինծի դառնաս՝ եղբայրներդ ալ քաջալերես:

Պետրոս ըսաւ.

- Տէ՛ր, պատրաստ եմ քեզի հետ թէ՛ բանտ երթալու եւ թէ՛ մեռնելու:

Յիսուս ըսաւ.

- Պետրո՛ս, քեզի կ'ըսեմ՝ որ այսօր աքաղաղը չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս՝ ըսելով որ զիս չես ճանչնար:
Ընթերցող. Աղօթք հանդերձ ծունր դնելով զՏէր աղաչեսցուք: (Երիցս կրկնեա՛)

Քահանայ. Տէ՛ր, ողորմեա՛: (Երիցս կրկնեա՛)

Սարկաւագ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք. ընկա՛լ, կեցո՛ եւ ողորմեա՛:

Քահանայ. Օրհնութի՜ւն եւ փա՜ռք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:


ԵՐԳ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Փրկեա զիս ի թըշնամեաց իմոց Ա՛ստը՛ւա՛ծ, եւ ի հալածչաց իմո՛ց ապրեցո՛ զի՛ս:

Սարկաւագ

Երեք անգամ, վերջինը՝ ամբողջ ձայն մը բարձր:


ԵՐԳ ՆԵՐՍԻՍԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻՈՅ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Խնամով սիրոյն յիւր սիրելեացն ըզտըրտմութիւնըն փարատեաց. թացեալ պատառ տայ Յուդայի՝ նըշաւակեալ զգողըն մատնիչ, զոր առեալ եւ մերկացաւ յաստուածային Հոգւոյն շնորհաց, մատնեցաւ նախաչարին ընդ մատնութեան Վարդապետին:

🔸 Ծայրագոյն լուսոյն զըրկեալ խաւարասէրն արտաքս ելեալ, Տէրըն յայտնէր լոյս եղելոցն ըզգայթակղիլն ի գիշերի. Պետրոս խօսէր խրախուսելի եւ կըշտամբիւր հաւախօսի, զիւրն յաշխարհէ զփոխիլն ասէր եւ ըղգալուստ Հոգւոյն պատմէր:

🔸 Կեդրոնեան յայնկոյս ձորոյ ի վերնատունն ել խորհըրդոյ, եմուտ պարտէզ ընդ պարտիզի, եմոյծ յԱդամ յադին դրախտին, մուծցես եւ զմեզ, Տէր, ընդ նըմին, ուստի հաներ նախ զառաջինն, զի ժառանգել ըզհայրենին արժանասցուք մեր վերըստին:

🔸 Հոգայր զկրիցն տրտմաբար՝ երիւքն եղեալ առանձնաբար. Փրկել զաշխարհս հոգիս յօժար, բայց է բնութիւն մարմնոյս տկար. Ոչ ոմն ուժեղ եւ զօրաւոր, եւ ոմն անզօր վտանգաւոր. Այլ մի եւ նոյն գոլ միաւոր, կրէր զկիրսն կամաւոր:

coro hombres
Սարկաւագ. Օրթի:

Քահանայ. Խաղաղութիւն ամենեցուն:

Դպիրներ. Եւ ընդ հոգւոյդ քում:

Սարկաւագ. Երկիւղածութեամբ լուարուք:

Քահանայ. Սրբոյ Աւետարանիս Յիսուսի Քրիստոսի որ ըաո Մարկոսի (14.32-72):

Դպիրներ. Փառք քեզ, Տէր, Աստուած մեր:

Սարկաւագ. Պոօսխումէ:

Դպիրներ. Ասէ Աստուած:

Քահանայ. Վասն մատնութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի:

Եկան տեղ մը, որ կը կոչուէր Գեթսեմանի: Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

- Հո՛ս նստեցէք, մինչեւ որ ես աղօթեմ: Եւ իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը: Խռոված էր ու կը տագնապէր: Այն ատեն ըսաւ անոնց.

- Հոգիս մեռնելու աստիճան տրտմած է. հո՛ս կեցէք եւ արթո՛ւն մնացէք:

Ապա քիչ մը առաջ գնաց եւ երեսին վրայ գետին փռուելով կ'աղօթէր, որ եթէ կարելի է՝ հեռանայ իրմէ տառապանքի այս ժամը: Եւ ըսաւ. - Հա՜յր, Հա՛յր, քեզի համար ամէն ինչ կարելի է: Այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ ինչպէս որ ես կ'ուզեմ, այլ ինչպէս որ դո՛ւն կ'ուզես:

Յետոյ եկաւ եւ տեսաւ որ երեք աշակերտները կը քնանային: Պետրոսի ըսաւ.

- Սիմո՛ն, կը քնանա՞ս, չկրցա՞ր ժամ մը արթուն մնալ: Արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք: Հոգին յօժար կրնայ ըլլալ, բայց մարմինը տկար Է:

Կրկին գնաց աղօթելու եւ նոյն խօսքերը ըսաւ: Եւ երբ վերադարձաւ՝ զանոնք քնացած գտաւ: Անոնց աչքերը չէին բացուեր եւ չէին գիտեր թէ ի՜նչ պատասխան տային անոր:

Երրորդ անգամ երբ Յիսուս դարձաւ, ըսաւ անոնց.

- Ասկէ ետք քնացէք եւ հանգստացէք: Բայց բաւակա՜ն է, ժամը հասաւ եւ ահա Մարդու Որդին մեղաւոր մարդոց ձեռքը պիտի յանձնուի: Օ՜ն, ելէք երթա՜նք, որովհետեւ զիս մատնողը ահա մօտեցաւ:

Տակաւին կը խօսէր, երբ տասնըերկու աշակերտներէն Յուդա Իսկարիոտացին եկաւ: Իրեն հետ էր սուրերով եւ բիրերով զինուած ամբոխ մը, որ ղրկուած էր աւագ քահանաներուն, Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ երէցներուն կողմէ: Մատնիչը անոնց նշան տուած էր՝ ըսելով.

- Ով որ համբուրեմ՝ անիկա՛ Է Յիսուսը, ձերբակալեցէք զայն եւ զգուշութեամբ տարէք:

Յուդա անմիջապէս մօտեցաւ Յիսուսի եւ ըսաւ.

- Վարդապե՛տ, Վարդապե՛տ, - եւ համբուրեց զայն:

Ապա բռնեցին Յիսուսը եւ ձերբակալեցին: Իր շուրջը գտնուողներէն մէկը սուրը քաշեց եւ քահանայապետին ծառային զարկաւ, անոր ականջը կտրելով: Յիսուս ըսաւ անոնց.

- Աւազա՞կ եմ որ այդպէս սուրերով ու բիրերով եկեր Էք ձերբակալելու զիս: Ամէն օր ձեզի հետ էի եւ կ'ուսուցանէի տաճարին մէջ ու չձերբակալեցիք զիս: Բայց այս բոլորը կը պատահին, որպէսզի Սուրբ գիրքերուն մէջ ըսուածները իրականանան:

Այն ատեն աշակերտները բոլորն ալ ձգեցին զինք ու փախան: Սակայն երիտասարդ մը, որ միայն կտաւով մը իր մերկութիւնը ծածկած եր, կը հետեւէր իրեն: Երիտասարդները զայն ալ բռնեցին, բայց անիկա կտաւը ձգեց եւ մերկ փախաւ անոնցմէ:

Յետոյ Յիսուսը տարին Կայիափա Քահանայապետին տունը, ուր բոլոր աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչներն ու երէցները սկսած էին հաւաքուիլ: Պետրոս հեռուէն կը հետեւէր Յիսուսի, մինչեւ Քահանայապետին տան գաւիթը, ուր սպասաւորներուն հետ նստաւ կրակին մօտ՝ տաքնալու համար: Աւագ քահանաները եւ ամբողջ Ատեանը կը ջանային Յիսուսի դէմ վկայութիւն գտնել, որպէսզի զայն սպաննեն, բայց չէին գտներ: Շատ մը վկաներ սուտ վկայութիւն կու տային, սակայն վկայութիւնները իրարու համաձայն չէին: Ուրիշներ ելան եւ սուտ վկայութիւն տալով՝ ըսին.

- Մենք իր բերնէն լսեցինք որ կ'ըսէր. «Ես մարդոց կողմէ ձեռքով կառուցուած այս տաճարը պիտի քանդեմ եւ երեք օրէն պիտի շինեմ ուրիշ մը, որ մարդոց կողմէ շինուած չէ»:

Սակայն ասոնց վկայութիւններն ալ իրարու չէին համապատսախաներ: Յետոյ Քահանայապետը ելաւ եւ մեջտեղ գալով հարցուց Յիսուսի.

- Քեզի դէմ եղած այս ամբաստանութիւններուն պատասխան մը պիտի չտա՞ս:

Բայց Յիսուս լուռ կը մնար եւ պատասխան չէր տար: Քահանայապետը դարձեալ հարցուց Յիսուսի.

Դո՞ւն ես Քրիստոսը, օրհնեալ Աստուծոյ Որդին:

Յիսուս պատասխանեց անոր.

ես եմ: Եւ դուք պիտի տեսնէք Մարդու Որդին, ամենազօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած, եւ պիտի տեսնէք՝ որ կու գայ երկինքի ամպերուն մէջէն:

Քահանայապետը անմիջապէս իր վերարկուն պատռեց եւ ըսաւ.

- Ալ ի՞նչ պէտք ունինք վկաներու, բոլորդ. ալ իր իսկ բերնէն լսեցիք ըրած հայհոյութիւնը: Ի՞նչ կը մտածէք:

Բոլորը Յիսուսը դատապարտելով վճռեցին եւ ըսին. - Մահապարտ է:

Ոմանք սկսան թքնել Յիսուսի երեսին. դէմքր կր ծածկէին, կը զարնէին ու կը հարցնէին.

- Քրիստո՛ս, գիտցի՛ր, ո՞վ է քեզի զարնողը:

Եւ սպասաւորները կ'ապտակէին զինք:

Մինչ Պետրոս վարը՝ գաւիթին մէջ էր, Քահանայապետին աղախիններէն մէկը գալով` տեսաւ որ կը տաքնար, նայեցաւ անոր եւ ըսաւ.

- Դո՛ւն ալ Նազովրեցի Յիսուսի հետ էիր:

Պետրոս ուրացաւ, ըսելով.

- Չե՛մ ճանչնար զինք եւ չեմ գիտեր թէ ի՜նչ կ'ըսես:

Պետրոս հազիւ գաուիթէն դուրս՝ նախագաւիթ ելած էր, երբ աքաղաղը կանչեց: Աղախինը զինք կրկին տեսաւ եւ սկսաւ իր շուրջիններուն ըսել. - Ասիկա ալ անոնցմէ է:

Բայց Պետրոս դարձեալ ուրացաւ: Քիչ ետք շուրջինները կրկին ըսին Պետրոսի.

- Իրապէս որ դուն անոնցմէ ես, քանի Գալիլեացի ես եւ անոնց նման ալ կը խօսիս:

Պետրոս ինքզինք անիծելով սկսաւ երդում ընել եւ ըսել. - Ձեր ըսած մարդը չե՛մ ճանչնար:

Նոյն պահուն աքաղաղը երկրորդ անգամ կանչեց: Պետրոս յիշեց Յիսուսի խօսքը որ իրեն ըսած էր, թէ «Աքաղաղը երկու անգամ չկանչած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»: Եւ սկսաւ լալ:
Ընթերցող. Աղօթք հանդերձ ծունր դնելով զՏէր աղաչեսցուք: (Երիցս կրկնեա՛)

Քահանայ. Տէ՛ր, ողորմեա՛: (Երիցս կրկնեա՛)

Սարկաւագ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք. ընկա՛լ, կեցո՛ եւ ողորմեա՛:

Քահանայ. Օրհնութի՜ւն եւ փա՜ռք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:


ԵՐԳ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Նոքա ի ձեռանէ քումմէ մե՛րժե՛ցա՜ն, մեք ժողովուրդք եւ խա՛շն արօտի՛ քո՛:

Սարկաւագ

Երեք անգամ, վերջինը՝ ամբողջ ձայն մը բարձր:


ԵՐԳ ՆԵՐՍԻՍԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻՈՅ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Ճառագայթ փառաց Էին, որ ըստ բնութեանըս մարդկային տագնապեցար ի գիշերին, աղօթեցեր առ Հայր յերկինս, ծագեա ի մեզ զլոյսդ երկնային եւ փարատեա զերկիւղ չարին, մասունք հոգւոց մեր եւ մարմին յերկիւղ քո սուրբ բեւեռեսցին:

🔸 Մերձեալ Յուդաս, որ մատնելոց, հանդերձ դասուն փարիսեցւոց, անկան նըման ստորանկելոցն, որք յաւիտեան չեն կանգնելոց. Յուդաս նենգաւ համբուրելով՝ առիթ մահու նըշան տալով, փոխան սիրոյ զնա մատնելով, չար ընդ բարւոյ վըճարելով:

🔸 Յայնժամ առ գութ սիրոյն Պետրոս ըզծառային՝ անուն Մաղքոս, եհատ սուսերբ զականջն աջոյ, որ ոչ լըւաւ Տեառըն իւրոյ, իսկ Տէրըն մեր արագապէս յունկըն մերձեալ բրժըշկապէս, առողջացոյց աստուածապէս, զոր ոչ տեսին կուրացն հանդէս:

coro hombres
Սարկաւագ. Օրթի:

Քահանայ. Խաղաղութիւն ամենեցուն:

Դպիրներ. Եւ ընդ հոգւոյդ քում:

Սարկաւագ. Երկիւղածութեամբ լուարուք:

Քահանայ. Սրբոյ Աւետարանիս Յիսուսի Քրիստոսի որ ըաո Մատթէոսի (26.31-56):

Դպիրներ. Փառք քեզ, Տէր, Աստուած մեր:

Սարկաւագ. Պոօսխումէ:

Դպիրներ. Ասէ Աստուած:

Քահանայ. Վասն մատնութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի:

Հոն Յիսուս ըսաւ անոնց.

Այս գիշեր դուք բոլորդ ալ պիտի լքէք զիս, որովհետեւ Սուրբ գիրքը կ'ըսէ. «Պիտի սպաննեմ հովիւը, եւ հօտին ոչխարները պիտի ցրուին»: Բայց յարութիւն առնելէս ետք՝ ձեզմէ առաջ Գալիլեա պիտի երթամ:

Պետրոս պատասխանեց.

- Նոյնիսկ եթԷ բոլորը լքեն քեզ, ես պիտի չլքեմ:

Յիսուս ըսաւ անոր.

- Կ'ըսեմ քեզի, որ այս գիշեր աքաղաղը չկանչած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս:

Պետրոս ըսաւ.

- Նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի համար, քեզ պիտի չուրանամ:

Նոյնը կ'ըսէին բոլոր աշակերտներն ալ:

Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն հետ եկաւ տեղ մը, որուն անունը Գեթսեմանի էր, եւ ըսաւ անոնց.

- Հոս նստեցէք, մինչեւ որ ես երթամ աղօթեմ: Եւ իր հետ առաւ Պետրոսը եւ Զեբեդէոսի երկու որդիները: Տրտում էր ու կը տագնապէր: Այն ատեն ըսաւ անոնց.

- Հոգիս մեռնելու աստիճան տրտում է. հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք:

Ապա քիչ մը առաջ դնաց եւ երեսին վրայ գետին փռուելով աղօթեց, ըսելով.

Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է, այս բաժակը հեռացուր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ ինչպէս որ ես կ'ուզեմ, այլ ինչպէս որ դուն կ'ուզես:

Յետոյ վերադարձաւ երեք աշակերտներուն մօտ եւ զանոնք քնացած գտաւ: Պետրոսի ըսաւ.

- Չկրցա՞ք ժամ մը արթուն մնալ ինծի հետ: Արթուն մնացէք եւ աղօթեցէք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք: Հոգին յօժար կրնայ ըլլալ, բայց մարմինը տկար Է:

Կրկին, երկրորդ անգամ ըլլալով, Յիսուս գնաց աղօթելու եւ ըսաւ.

- Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը թող հեռանայ ինձմէ, ապա թէ ոչ` պիտի խմեմ զայն. քու կամքդ քող ըլլայ:

Վերադարձաւ եւ դարձեալ իր աշակերտները քնացած գտաւ. անոնց աչքերը չէին բացուեր: Յիսուս դարձեալ ձգեց զիրենք ու գնաց եւ երրորդ անգամ աղօթեց՝ նոյն խօսքերը ըսելով: Ապա վերադարձաւ իր աշակերտներուն մօտ եւ ըսաւ.

- Ասկէ ետք քնացէք եւ հանգստացէք. բայց ահա ժամը հասած է եւ Մարդու Որդին մեղաւոր մարդոց ձեռքը պիտի յանձնուի: Ելէք երթանք այստեղէն, որովհետեւ զիս մատնողը ահաւասիկ հասաւ:

Տակաւին կը խօսէր, երբ ահա եկաւ Յուդան` տասնըերկու աշակերտներէն մէկը: Իրեն հետ էր սուրերով եւ բիրերով զինուած մեծ ամբոխ մը` աւագ քահանաներուն եւ ժողովուրդի երէցներուն կողմէ ղրկուած: Յիսուսը մատնողը անոնց նշան տուած էր, ըսելով.

- Ով որ համբուրեմ՝ անիկա է Յիսուսը, ձերբակալեցէ՛ք զայն:

Յուդա շուտով մօտեցաւ Յիսուսի եւ ըսաւ.

- Ողջ՜ոյն, Վարդապե՛տ, - եւ համբուրեց զայն:

Յիսուս ըսաւ անոր.

- Բարեկա՜մ, ասոր համա՞ր եկար:

Ապա մօտեցան, բռնեցին Յիսուսը եւ ձերբակալեցին: Եւ ահա Յիսուսի հետ եղողներէն մեկը ձեռքը երկարեց եւ սուրը քաշելով՝ զարկաւ Քահանայապետին ծառային եւ անոր ականջը կտրեց: Յիսուս ըսաւ անոր.

Սուրդ տեղը դիր, որովհետեւ ո՛վ որ սուր կ'առնէ՝ սուրով պիտի մեռնի: Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար Հօրս աղաչել, որ հիմա աւելի քան տասեըերկու գունդ հրեշտակ ղրկէ ինծի: Սակայն ինչպէ՞ս պիտի իրականանան Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուածները, թէ այսպէս պէտք է ըլլայ:

Ապա Յիսուս ամբոխին դառնալով ըսաւ.

- Աւազա՞կ եմ որ այդպէս սուրերով եւ բիրերով վրաս կը յարձակիք՝ զիս ձերբակալելու համար: Ամեն օր ձեզի հետ տաճարին մէջ կը նատէի եւ կ'ուսուցանէի, ու չձերբակալեցիք զիս: Բայց այս բոլոր կը պատահին, որպէսզի Սուրբ գիրքերուն մէջ մարգարէներուն ըսածները իրականանան:

Այն ատեն աշակերտները բոլորն ալ ձգեցին զինք ու փախան:

Ընթերցող. Աղօթք հանդերձ ծունր դնելով զՏէր աղաչեսցուք: (Երիցս կրկնեա՛)

Քահանայ. Տէ՛ր, ողորմեա՛: (Երիցս կրկնեա՛)

Սարկաւագ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք. ընկա՛լ, կեցո՛ եւ ողորմեա՛:

Քահանայ. Օրհնութի՜ւն եւ փա՜ռք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:


ԵՐԳ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Խօսեցան զինէն լեզուաւ նենգա՛ւո՜րա՜ւ, եւ բանիւ ատելութեա՜ն զիս պաշարեցի՜ն:

Սարկաւագ

Երեք անգամ, վերջինը՝ ամբողջ ձայն մը բարձր:


ԵՐԳ ՆԵՐՍԻՍԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻՈՅ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Չար կապանաց մարդկան լուծիչ, որ կապեցար ընդ կապելոյն, զիս արձակեա յինքնակապէս, մեղաց կապից դըժոխայնոյն, որ ընդ մեղօք պարտաւորին կացեր անմեղդ ի յատենի, յորժամ փառօք գաս հայրենի, մի՛ դատեսցես զիս ընդ նոսին:

🔸 Պատկառանօք հինն Ադամայ, որ ձաղեցար վասըն նորա, ջընջեա զամօթ մեղաց լըրբին, որով զերեսս իմ ծածկեցին, որ ներեցեր չար ծառային՝ ածել ձեռօք քեզ ապտակին, հար ուժգնակի զդէմըս չարին, որպէս եւ զիս եհար ուժգին:

🔸 Զահըն լուսոյ յառաւօտին ի յուրբաթուն հընոյ զատկին կայր առաջի դատաւորին, ծառայն նըստէր ի յատենին. ի հարցանել Պիղատոսի Տէրն ոչ առնէր պատասխանի, զի կանխասաց գիրըն լըցցի՝ Եղէ ես մարդ, որ ոչ խօսի:

coro hombres
Սարկաւագ. Օրթի:

Քահանայ. Խաղաղութիւն ամենեցուն:

Դպիրներ. Եւ ընդ հոգւոյդ քում:

Սարկաւագ. Երկիւղածութեամբ լուարուք:

Քահանայ. Սրբոյ Աւետարանիս Յիսուսի Քրիստոսի որ ըաո Մատթէոսի (26.57-75):

Դպիրներ. Փառք քեզ, Տէր, Աստուած մեր:

Սարկաւագ. Պոօսխումէ:

Դպիրներ. Ասէ Աստուած:

Քահանայ. Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս:

Անոնք ձերբակալեցին Յիսուսը եւ տարին Կայիափա Քաhանայապետին տունը, ուր Օրէնքի ուսուցիչները եւ երէցները հաւաքուած էին: Պետրոս հեռուէն կը հետեւէր Յիսուսի, մինչեւ Քահանայապետին տան դաւիթը, ուր մտնելով նստաւ սպասաւորներուն հետ՝ տեսնելու համար թէ վերջը ի՜նչ պիտի ըլլայ: Մինչ այդ, աւագ քահանաները եւ ամբողջ Ատեանը կը ջանային Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն գտնել, որպէսզի զայն սպաննեն: Բայց չգտան, հակառակ անոր որ շատ մը սուտ վկաներ ալ եկան: Ի վերջոյ՝ երկու սուտ վկաներ եկան եւ ըսին.

- Այս մարդը կ'ըսէր. «Ես կրնամ Աստուծոյ տաճարը քանդել եւ երեք օրէն շինել զայն»:

Քահանայապետը ոտքի ելաւ եւ հարցուց Յիսուսի.

- Քեզի դէմ եղած այս ամբաստանութիւններուն պատասխան մը պիտի չտա՞ս:

Բայց Յիսուս լուռ կը մնար: Քահանայապետը դարձեալ հարցուց Յիսուսի.

- Կենդանի Աստուծոյ անունով՝ ըսէ՛ մեզի թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին:

Յիսուս պատասխանեց.

- Դո՛ւն կ'ըսես: Բայց կ'ըսեմ ձեզի. - Ասկէ ետք պիտի տեսնէք Մարդու Որդին` ամենազօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած. եւ պիտի տեսնէք որ կու գայ երկինքի ամպերուն մէջէն:

Ասոր վրայ Քահանայապետը իր վերարկուն պատռեց եւ ըսաւ.

- Հայհոյեց. ալ ի՞նչ պէտք ունինք վկաներու. ահա հիմա լսեցիք ըրած հայհոյութիւնը: Ի՞նչ կը մտածէք:

Անոնք պատասխանեցին.

- Մահապարտ է:

Ապա սկսան թքնել անոր երեսին եւ ծեծեցին զայն. ոմանք կ'ապտակէին զինք ու կը հարցնէին.

- Քրիստո՛ս, գիտցի՛ր, ո՞վ Է քեզի զարնողը:

Մինչ Պետրոս դուրսը գաւիթին մէջ նստած էր, աղախին մը մօտեցաւ եւ ըսաւ.

- Դո՛ւն ալ Գալիլեացի Յիսուսին հետ էիր: Պետրոս բոլորին դիմաց ուրացաւ եւ ըսաւ.

- Չեմ գիտեր թէ ի՜նչ բանի մասին կը խօսիս:

Երբ գաւիթէն դուրս կ'ելլէր, դրան առջեւ ուրիշ կին մը տեսաւ զինք եւ հոն եղողներուն ըսաւ.

- Ասիկա ալ Նազովրեցի Յիսուսի հետ էր:

Պետրոս դարձեալ ուրացաւ եւ ըսաւ.

- Կ'երդնում որ չեմ ճանչնար այդ մարդը:

Քիչ ետք հոն գտնուողները մօտեցան եւ ըսին Պետրոսի.

- Իրապէս որ դուն ալ անոնցմէ ես, քանի խօսակցութեանդ շեշտը քեզ կը մատնէ:

Պետրոս ինքզինք անիծելով՝ սկսաւ երդում ընել եւ ըսել.

- Այդ մարդը չեմ ճանչնար:

Եւնոյն պահուն աքաղաղը կանչեց: Պետրոս յիշեց Յիսուսի խօսքը, թէ «Տակաւին աքաղաղը չկանչած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»: Եւ դուրս ելլելով՝ լացաւ դառնագին:

Ընթերցող. Աղօթք հանդերձ ծունր դնելով զՏէր աղաչեսցուք: (Երիցս կրկնեա՛)

Քահանայ. Տէ՛ր, ողորմեա՛: (Երիցս կրկնեա՛)

Սարկաւագ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք. ընկա՛լ, կեցո՛ եւ ողորմեա՛:

Քահանայ. Օրհնութի՜ւն եւ փա՜ռք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:


ԵՐԳ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Խոստովան եղերուք Տեառըն, զի բա՛րի՛ է՜, զի յաւիտեան Է ո՜ղորմութիւն նորա՛:

Սարկաւագ

Երեք անգամ, վերջինը՝ ամբողջ ձայն մը բարձր:


ԵՐԳ ՆԵՐՍԻՍԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻՈՅ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Տարածեալ ձեռք ընդ ձեռաց, ոտք ընդ ոտից ընթանալեաց, փայտ ընդ փայտի դառըն պըտղոյ կեանք ընդ մահու փոխարկելով, ի մէջ երկուց անօրինաց կայր մերկացեալ տուողն օրինաց, զոր ոչ տեսին ազգըն կուրաց, բաց ի միոյն յաւազակաց:

🔸 Րոպէից արեգականն ըզտիւն արար գիշերանման, զըստուերըն քօղ արկ մերկութեան, դի մի՛ տեսցէ ակն անարժան, ի միջօրեայն նըսեմացաւ, յորժամ Ադամ մեղօք մեռաւ, ի յիններորդն ի լոյս դարձաւ, յորժամ մահուամբ. մահըն լուծաւ:

🔸 Ցօղէր արտօսըր ցաւագին մայր Տեառն, որ կայր մերձ առ խաչին, յորժամ լրսէր ըզծարաւին բարբառելոյ իւր միածնին. ետուն քացախ խառնեալ լեղի այնմ որ բըղխեաց գետ յադենի եւ ի վիմէն վըտակ բարի արբոյց տոհմին դառնացողի:

🔸 Ւիւծեալ յերրորդ ժամու օձին զմիտս նախնւոյ մօրն Եւայի, ի վեցն անկեալ մարդն առաջին Հաւանական բանիւ նորին, ի սոյն ժամու՝ Տէրն ի խաչին, զի քաւեսցէ զմեղս նոցին: Եւ յորժամ ել Ադամն հին, եդ զաւազակն ի մէջ դրախտին:

🔸 Փարելի բարբառ ընդ իմ «Էլի, Էլի» առ Հայր գոչէր, զհոգին կամաւ Հօրն աւանդէր, զհոգիս մարդկան նոյն ընծայէր: Երկիր հիմամբք սասանեցաւ, եւ վարագոյրն ընդ մէջ հերձաւ, վէմք ի յինքեանց պատառեցան, եւ գերեզմանք մահու բացան:

🔸 Քարոզի ի սքանչելեացս Աստուած մարմնով վասն իմ խաչեալ. մերով բնութեամբս մեռանի, Աստուած անմահ խոստովանի: Կրկնավտակ կողին աղբերբք եկեղեցի իւր հաստատի, ջրովն մաքրի, զարիւնն ըմպէ, զՈրդի ընդ Հօր փառաւորէ:

coro hombres

Այս Աւետարանը բեմէն կը կարդացուի:

Սարկաւագ. Օրթի:

Քահանայ. Խաղաղութիւն ամենեցուն:

Դպիրներ. Եւ ընդ հոգւոյդ քում:

Սարկաւագ. Երկիւղածութեամբ լուարուք:

Քահանայ. Սրբոյ Աւետարանիս Յիսուսի Քրիստոսի որ ըաո Յուվհաննու (18.2-27):

Դպիրներ. Փառք քեզ, Տէր, Աստուած մեր:

Սարկաւագ. Պոօսխումէ:

Դպիրներ. Ասէ Աստուած:

Քահանայ. Վասն Մատնութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի:

Յուդան՝ մատնիչը, գիտեր պարտէզին տեղը, որովհետեւ շատ անգամ Յիսուս եւ իր աշակերտները հոն կը հաւաքուէին: Ուստի, Յուդա իր հետ առնելով զինուորներու գունդ մը եւ աւագ քահանաներուն ու Փարիսեցիներուն կողմէ ղրկուած սպասաւորները, եկաւ պարտէզ: Անոնք զինուած էին եւ ունէին ջահեր եւ լապտերներ: Յիսուս տեսնելով բոլոր մարդիկը, որոնք իր վրայ կու գային, առաջ անցնելով ըսաւ.

- Ո՞վ կը փնտռէք:

- Նազովրեցի Յիսուսը, - պատասխանեցին անոնք:

Յիսուս ըսաւ.

- Ես եմ:

Յուդան՝ մատնիչը, անոնց հետ հոն կեցած Էր: Երբ Յիսուս «Ես եմ» ըսաւ, անոնք ետ-ետ քաշուեցան եւ գետին ինկան: Յիսուս դարձեալ հարցուց անոնց.

- Ո՞վ կը փնտռէք:

- Նազովրեցի Յիսուսը, - պատասխանեցին անոնք:

Յիսուս ըսաւ.

- Ձեզի ըսի թէ ե՜ս եւ. արդ, եթէ զիս կը փնտռէք՝ ձգեցէք որ ասոնք երթան:

Այս ձեւով կ'իրականանար՝ ինչ որ Յիսուս նախապէս ըսած էր. «Պիտի չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ մէկը անոնցմէ որ ինծի տուիր»:

Այս ատեն Սիմոն Պետրոս, որ սուր մը ունէր, քաշեց սուրը եւ զարկաւ Քահանայապետին ծառային՝ կտրելով անոր աջ ականջը: Ծառային անունը Մաղքոս էր: Յիսուս ըսաւ Պետրոսի.

- Սուրդ իր պատեանը դիր. տառապանքի բաժակը, որ Հայրս տուաւ ինծի, պիտի չխմե՞մ կը կարծես:

Ապա զինուորները, հազարապետը եւ Հրեայ ղեկավարներուն սպասաւորները բռնեցին Յիսուսը եւ կապեցին ու նախ տարին Հաննայի մօտ, որ այդ տարուան Քահանայապետին՝ Կայիափայի աներն էր: Ասիկա այն Կայիափան էր, որ Հրեայ ղեկավարներուն խորհուրդ տուած էր՝ ըսելով, թԷ աւելի լաւ է որ մէկ հոգի մեռնի ժողովուրդին համար:

Սիմոն Պետրոս եւ ուրիշ աշակերտ մը կ'երթային Յիսուսի ետեւէն: Այս աշակերտը ծանօթ ըլլալով Քահանայապետին՝ Յիսուսի հետ Քահանայապետին տան գաւիթը մտաւ, մինչ Պետրոս դուրսը՝ դռան քով կեցաւ: Միւս աշակերտը, որ ծանօթ էր Քահանայապետին, դուրս ելաւ եւ խօսելէ ետք դռնապանին հետ, որ կին մըն էր, ներս առաւ Պետրոսը: Դռնապան աղախինը հարցուց Պետրոսի.

- Արդեօք դուն ալ այդ մարդուն աշակերտներէն չե՞ս:

- Ո՜չ, - պատասխանեց Պետրոս:

Օդը ցուրտ ըլլալուն, ծառաները եւ սպասաւորները կրակ վառած էին հոն ու կը տաքնային: Պետրոս ալ անոնց քով կեցած էր ու կը տաքնար:

Քահանայապետը հարցումներ ըրաւ Յիսուսի՝ անոր աշակերտներուն եւ ուսուցումներուն մասին: Յիսուս պատասխանեց.

- ես հրապարակաւ խօսեցայ բոլորին, ամէն ատեն սորվեցուցի ժողովարաններու ու տաճարին մեջ, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին. ես գաղտնի բան բնաւ չեմ խօսած: Ինչո՞ւ կը հարցնես ինծի, հարցուր անոնց՝ որոնք լսեցին թէ ի՜նչ ըսի իրենց. ահա անոնք գիտեն թԷ ինչ խօսած եմ:

Յիսուս հազիւ այս խօսքերը ըսած՝ սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կեցած էր, ապտակ մը զարկաւ Յիսուսի, ըսելով.

- Այդպե՞ս կը պատասխանես Քահանայապետին:

Յիսուս ըսաւ անոր.

Եթէ սխալ բան մը խօսեյայ՝ ցոյց տուր սխալը. իսկ եթէ շիտակ է ըսածս՝ ինչո՞ւ կը զարնես ինծի:

Յետոյ Հաննա՝ Յիսուսը կապուած վիճակով ղրկեց Կայիափա Քահանայապետին:

Մինչ Սիմոն Պետրոս հոն կեցած էր ու կը տաքնար, հարցուցին իրեն.

- Արդեօք դուն ալ անոր աշակերտներէն չե՞ս:

Անիկա ուրացաւ եւ պատասխանեց.

- Ո՜չ:

Քահանայապետին ծառաներէն մէկը, ազգականը անոր՝ որուն ականջը Պետրոս կտրած էր, ըսաւ.

- Ես քեզ չտեսա՞յ հոն՝ պարտէզին մէջ, անոր հետ:

Պետրոս դարձեալ ուրացաւ. եւ իսկոյն աքաղաղը կանչեց:

ՄԱՂԹԱՆՔ

Քահանայ. Հոգւոցն հանգուցելոց, Քրիստոս Աստուած, արա հանգիստ եւ ողորմութիւն, եւ մեզ՝ մեղաւորացս, շնորհեա զթողութիւն յանցանաց:


ՔԱՐՈԶ

Սարկաւագ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք: Վասն հանգուցեալ հոգւոցն աղաչեսցուք զփըկիչն մեր Քրիստոս, զի զնոսա ընդ արդարսն դասեսցէ եւ զմեզ կեցուսցէ շնորհիւ ողորմութեան իւրոյ: Ամենակալ Տէր Աստուած մեր, կեցո եւ ողորմեա:

Քահանայ. Տէր, ողորմեա, Տէր, ողորմեա, Տէր, ողորմեա:


ԱՂՕԹՔ

Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, անոխակալ եւ բարեգութ, գթա քո արարչական սիրովդ ի հոգիս հանգուցեալ ծառայից քոց: Յիշեա յաւուր մեծի գալստեան արքայութեան քո, արա արժանի ողորմութեան, քաւութեան եւ թողութեան մեղաց, դասաւորեալ պայծառացո ընդ սուրբս քո յաջակողմեան դասուն: Զի դու ես Տէր եւ արարիչ ամենեցուն, դատոաւոր կենդանեաց եւ մեռելոց, եւ քեզ վայելէ փառք իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւխտեանաս յաւիտենից: Ամէն:


ԿԱՆՈՆԱԳԼՈՒԽ - Սղ 119(118).161-171

🎵 Դպիրներ.

🔸 Իշխանք հալածեցին զիս ի նանիր, ալէլուփա. եւ ի բանից քոց երկեաւ սիրտ իմ. ալէլուիա, ալէլուիա:

🔸 Ցընծացայ ես ի բանըս քո, որպէս այն որ գըտանէ աւար բազում. ալէլուիա, ալէլուիա:

🔸 Ըզմեղս ատեցի եւ անարգեցի, եւ զօրէնըս քո սիրեցի. ալէլուիա, ալէլուիա:

🔸 ՓՈԽ. Մերձեսցին խընդըրուածք իմ առաջի քո Տէր, ըստ բանի քում իմաստուն արա զիս. ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա:

🔸 Մըտցեն աղօթք իմ առաջի քո Տէր եւ բանիւ քով փըրկեա զիս. ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա:

🔸 Բըղխեսցեն զշըրթունք իմ զօրհնութիւնըս քո, յորժամ ուսուսցես ինձ զարդարութիւնըս քո. ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա:

🔸 Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սըրբոյ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: Ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա:

coro hombres

Սարկաւագ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք, ընկալ, կեցո եւ ողորմեա:

Քահանայ. Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:


ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԲՁ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Արծաթսիրութեամբըն մոլեալ Յուդա, զիւր ըզմեծ ըզվարդապետն ընդ երեսուն արծաթոյ հըրէիցըն մատնէր:

🔸 Ընդ որում ես համբուրեցից ասէ ըզնա կալարուք. ով համբոյր նենգութեան, նըշան եւ առիթ մահու:

🔸 Մերկացաւ յինքենէ զաստուածային Սուրբ Հոգին. եւ ըզգեցաւ ըզսատանայ, որպէս զհանդերձ արկաւ զիւրեաւ:


ՄԱՂԹԱՆՔ

Փառք հրաշափառ չարչարանաց քո, Տէր, զօրհնեալ եւ զփառաւորեալ, զհրաշալի եւ զյաղթող զչարչարանսն քո սուրբ օրհնեմք եւ փառաւորեմք: Մարդասէր Տէր, վասն սրբուհւոյ անարատի մօր քո եւ կուսի եւ վասն սուրբ խաչի քո պատուականի ընկալ զաղաչանս մեր եւ կեցո զմեզ:


ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Քահանայ. Օրհնեալ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս։ Ամէն։ Հայր մեր, որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն Քո։ Եկեսցէ արքայութիւն Քո։ Եղիցին կամք Քո որպէս յերկինս եւ յերկրի։ Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր։ Եւ թող զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց։ Եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա զմեզ ի չարէ։ Զի Քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս։ Ամէն։

Քահանայ. Լցաք առաւօտու ողորմութեամբ քով, ցնծացաք եւ ուրախ եղաք զամենայն աւուրս կենաց մերոց:

Սարկաւագ. Ուրախ եղաք փոխանակ աւուրցն, յորս խոնարհ արարեր զմեզ, եւ ամացն, յորս տեսաք զչարչարանս: Հայեա, Տէր, ի ծառայս քո եւ ի գործս ձեռաց քոց եւ առաջնորդեա որդւոց նոցա, եղիցի լոյս Տեառն Աստուծոյ ի վերայ մեր: Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ, Տէր, եւ զգործս ձեռաց մերոց յաջողեա մեզ:

Քահանայ. Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ:

Սարկաւագ. Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք, ընկալ, կեցո եւ ողորմեա:

Քահանայ. Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:


ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՐԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ

- Օրհնեալ ես, Տէր Աստուած հարցն մերոյ, գովեալ եւ փառաւռրեալ է անուն քո յաւիտեան:

- Յիրաւունս անցուցեր զայս ամենայն ընդ մեզ. արդար ես դու, Տէր, եւ ամենայն գործք քո ճշմարիտ են:


ՄԱՂԹԱՆՔ

Քահանայ. Օրհնեցէք, ամենայն արարածք, զԱրարիչն արարածոց. զՏէրն տերանց, զԹագաւորն թագաւորաց, զԱստուածն աստուծոց: Օրհնեցէք, գովեցէք, բարեբանեցէք, զի քաղցր է, զի յաւիտեան է ողորմութիւն նորա:


ՀԱՐՑ ԳՁ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Իջեր յերկնից անըսկիզբն Որդի, ի հողեղէն ի բնութենէ մարդկան զչարչարանըս յանձն առեր. օրհնեմք ըզքեզ որ էիր յառաջ քան զամենայն յաւիտեան:

🔸 Յորմէ դողան զըւարթունք երկնից, այսօր եկիր կամաւ ի խաչ գեղարդեամբըն խոցեցար. օրհնեմք ըզքեզ որ էիր յառաջ քան զամենայն յաւիտեան:

🔸 Ուստի աղբիւր կենդանարար բըղխեալ, լըւաց զտիեզերս ի մեղաց. բարձր արարէք ըզնա յաւիտեանս:


ՄԵԾԱՑՈՒՍՑԷ ԳՁ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Լոյս, լուսոյ մայր եւ կենարար Բանին բնակարան, քեզ երանիցեն ազգ եւ ազինք ամենայն:

🔸 Ստեղծողին մայր, եւ հընութեան կերպի նորոգողին, քեզ երանիցեն աղգ եւ ազինք ամենայն:

🔸 Լոյս ծագեցաւ ի քէն նըստելոցս ի խաւարի, քեզ երանիցեն ազգ եւ ազինք ամենայն:


ՈՂՈՐՄԵԱ ԳՁ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Եկեալ ի փըրկութիւն ազգի մարդկան, ի ծառայէ յանձն առնու մատնիլ ի դատաստան. համբերելով վասն ըզմեզ կեցուցանել:

🔸 Մատնեալ Պիղատոսի որպէս մահապարտ, է յԱննայէ եւ ի Կայիափայ դատապարտեալ. համբերելով վասն ըզմեզ կեցուցանել:

🔸 Կացեալ ի յատենի երկրորդ Ադամ վասն առաջինն Ադամայ պարտեացըն թողութեան. համբերելով վասն ըզմեզ կեցուցանել:


ՏԷՐ ՅԵՐԿՆԻՑ ԳՁ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Ով ըսքանչելի եւ տեսիլ ահաւոր, զարարիչն երկնի եւ երկրի այսօր տեսաք ի խաչի:

🔸 Տեսեալ ըզՏէրն ի խաչին խաւարեցաւ արեգակն, եւ վարագոյր տաճարին ցելոյր վերուստ մինչ ի վայր:

🔸 Անարգաբար խաչեցաւ Տէրն ի մեջ ի յանօրինաց, զի լըցցի գիրն որ ասէ, թէ ընդ անօրէնըս համարեցաւ:


Բեմին կեդրոնի վառած մեծ մոմը խորան հանել, եւ եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը մարել:




ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՒՕՏՈՒ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն: Եւ օրհնութիւն քեզ ի բարձունս, օրհնեալ ես Տէր Աստուած մեր. օրհնեմք զքեզ եւ գովեմք զքեզ: Խոստովանիմք Տէր զքեզ եւ երկիր պագանեմք քեզ. փառաւորեմք զքեզ. գոհանամք Տէր զքէն վասն մեծի փառաց քոց: Տէր թագաւոր սուրբդ երկնային. Աստուած եւ Հայր ամենակալ: Տէր եւ Որդի Հօր միածին Յիսուս Քրիստոս եւ սուրբ Որդի: Տէր Աստուած Գառն Աստուծոյ եւ Որդի Հօր. որ առեր զմերս ի կուսէն: Ողորմեցար, բարձեր զմեղս աշխարհի. եւ արդ ընկալ զաղաչանս մեր: Սուրբդ որ նստիս ընդ աջմէ Հօր ողորմեաց մեզ: Զի դու միայն սուրբ՝ դու միայն բարձրեալ ես, դու միայն Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս: Տէր եւ Հոգիդ Սուրբ՝ որ ի փառս Աստուած ընդ Հօր. ամէն:

🔸 Եւ յամենայն ժամ օրհնեմք զքեզ, Տէր, եւ գովեմք զանուն սուրբ քո յաւիտեան եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Արժանի արա Տէր զօրս զայս խաղաղութեամբ եւ առանց մեղաց պահեա զմեզ: Օրհնեալ ես Տէր Աստուած հարցն մերոց. գովեալ եւ փառաւորեալ է անուն սուրբ քո յաւիտեանս ամէն:

🔸 Օրհնեալ Տէր՝ ուսո՛ ինձ զարդարութիւնս քո (երիցս): Տէր ապաւէն եղեր մեր ազգէ յազգ: Ես աղաչեմ Տէր ողորմեա ինձ եւ բժշկեա զանձն իմ, ես մեղայ քեզ: Ցոյց մեզ Տէր զողորմութիւնս քո. եւ զփրկութիւնս քո տուր մեզ: Տէր ողորմութիւն քո յաւիտեան. զգործս ձեռաց քոց մի՛ անտես առներ: Տէր իմ զքեզ ապաւէն ինձ արարի. ուսո ինձ առնել զկամս քո, զի դու ես Աստուած իմ: Ի քէն է Տէր՝ աղբիւր կենդանութեան եւ լուսով երեսաց քոց տեսանեմք զլոյս: Ծագեա զողորմութիւնս քո՝ որք ճանաչեն զքեզ Տէր:

coro hombres

Այստեղ «Փառք ի Բարձունս»ի երգեցողութիւնը կանգ կ'առնէ:


ՏԱՂ ՉԱՐՉԱՐԱՆԱՑ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Ո՞ւր ես, մայր իմ, քաղցր եւ անոյշ, սէր ծնողիդ զիս այրէ:

🔸 Լըցան աչք իմ դառն արտասւօք, ոչ զոք ունիմ որ սրբէ:

🔸 Ջուր խնդրեցի, քացախ արբի, անօրինաց ձեռանէ:

🔸 Ազդ արարէք մօրն իմոյ, որ գայ կարօտն իւր առնէ.

🔸 Գուցէ երբեք յետոյ եկեալ, եւ զիս մեռեալ գտանէ.

🔸 Ո՛վ Մարիամ Մագդաղինէ, եւ ազգակից Սողոմէ.

🔸 Վա՛յ ինձ, Յիսուս Միածին, Որդի Արեգակն կորուսի.

🔸 Ո՞ւր ես, առաջ լոյս իմ, Որդեակ Հոգւոյս հոգի իմ Զաւակ.

🔸 Վայ իմ որդեակ, անոյշ գառնուկ, առանց քեզի մնացի որբուկ.

🔸 Ո՛վ Մարիամ, եւ դուք, կանա՛յք, ինձ հետ լացէք, ողբացէք:

Chat GPT Image 21 feb 2026 00 56 53

Խորհրդածութեան լուռ պահէ մը ետք՝ քարոզ: Ապա երգել «Փառք ի Բարձունս»ի վերջին տողը՝ «Ծագեա», մինչ եկեղեցւոյ լոյսերը դարձեալ կը վառին:

Ծագեա զողորմութիւնըս քո, որք ճանաչեն ըզքեզ, Տեր:


ՄԱՂԹԱՆՔ

Քահանայ. Փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն ի բարձունս Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:


ԱՌԱՒՕՏՈՒ ԵՐԳ (Ողբաձայն)

Մատնեցայ եւ ոչ ելանէի, աչք իմ տըկարացան յաղքատութենէ:

Աղաղակեցի առ Տէր զօրհանապազ եւ համբարձի առ քեզ ըզձեռըս իմ:


ՔԱՐՈԶ

Սարկաւագ. Փառաւորեսցուք զամենակալն Աստուած՝ զՀայր Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի` գոհանալով զնմանէ, որ պահեաց զմեզ խաղաղութեամբ ի գիշերիս յայսմիկ եւ առաջնորդեաց մեզ ի խաւարէ ի լոյս, ի մահուանէ ի կեանս, յապականութենէ յանապականութիւն, յանգիտութենէ ի գիտութիւն ճշմարտութեան իւրոյ: Աղաչեսցուք եւ խնդրեսցուք ի նմանէ, զի զերկարութիւն տուընջեանս խաղաղութեամբ եւ ամենայն մտադիւր զուարթութեամբ արասցէ անցուցանել ի մէնջ: Եւ պարսպեալ պահեսցէ զժողովուրդս իւր աստուածային զօրութեամբն, որ ի վերայ ամենայնի բարերարութեամբն իւրով իշխանութիւն ունի: Ամենակալ Տէր Աստուած մեր, կեցո եւ ողորմեա:

Քահանայ. Կեցո, Տէր:

Սարկաւագ. Զմնացուած գիշերիս խաղաղութեամբ անցուցանել հաւատով՝ ի Տեառնէ խնդրեսցուք:

Քահանայ. Շնորհեա, Տէր:

Սարկաւագ. Զհրեշտակ խաղաղութեան պահապան անձանց մերոց ի Տեառնէ խնդրեսցուք:

Քահանայ. Շնորհեա, Տէր:

Սարկաւագ. Զքաւութիւն եւ զթողութիւն յանցանաց մերոց` ի Տեառնէ խնդրեսցուք:

Քահանայ. Շնորհեա, Տէր:

Սարկաւագ. Զսրբոյ խաչին մեծ եւ կարող զօրութիւնն յօգնութիւն անձանց մերոց՝ ի Տեառնէ խնդրեսցուք:

Քահանայ. Շնորհեա, Տէր:

Սարկաւագ. Եւ եւս` միաբան վասն ճշմարիտ եւ սուրբ հաւատոյս մերոյ՝ զՏէր աղաչեսցուք:

Քահանայ. Տէր, ողորմեա:

Սարկաւագ. Զանձինս մեր եւ զմիմեանս Տեառն Աստուծոյ ամենակալին յանձն արասցուք:

Քահանայ. Քեզ` Տեառնդ յանձն եղիցուք:

Սարկաւագ. Ողորմեաց մեզ, Տեր Աստուած մեր, ըստ մեծի ողորմութեան քում, ասասցուք ամենեքեան միաբանութեամբ:

Քահանայ. Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա:


ԱՂՕԹՔ

Քահանայ. Գոհանամբ զքէն, Տէր Աստուած մեր, որ երեւելի լուսով քով զուարճացուցեր զամենայն արարածս քո, իսկ իմանալի լուսով պատուիրանաց քոց զամենեսեան լուսաւորեցեր զհաւատացեալս ի քեզ: Զօրացո եւ զմեզ, Տէր, ի պահպանութիւն պատուիրանաց քոց ի տուընջեանս յայսմիկ եւ յամենայն ժամանակի, որպէս զի լուսաւորեալ մտօք միշտ զհաճոյս քո արասցուք եւ հանդերձեալ բարեացդ հասցուք ընդ ամենայն սուրբս քո, շնորհօք եւ մարդասիրութեամբ Տեառնդ մերոյ եւ Փրկչիդ Յիսուսի Քրիստոսի, որում վայել է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Խաղաղութիւն ամենեցուն:

Աստուծոյ երկիրպագեսցուք:

Խաղաղութիւն մեր եւ կեանք, որ ի Հօրէ առաքեցար՝ միածին Որդի Աստուծոյ, Տէր մեր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս, տուր մեզ զխաղաղութիւն քո, զոր շնորհեցեր սրբոց քոց առաքելոց՝ փչմամբ քո ի նոսա զկենդանացուցիչ եւ զամենազօր Հոգիդ քո Սուրբ: Որպէս զի եւ մեք, խաղաղացեալք յամենայն աշխարհական սահեցմանց, լիցուք տաճար եւ բնակարան աստուածային շնորհացդ եւ գոհանալով փառաւորեսցուք զքեզ ընդ Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյդ, Քրիստոս Աստուած մեր, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ԵՐԳ ԵՐԵՔՍՐԲԵՆԻ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հըզօր, սուրբ եւ անմահ, որ մատնեցար վասըն մեր, ողորմեա մեզ: (Երեք անգամ կրկնել)

🔸 Փառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ սուրբ կոյս Աստուածածին Մարիամ՝ մայր Քրիստոսի, մատո զաղաչանըս մեր որդւոյ քո եւ Աստուծոյ մերոյ:


ՄԱՂԹԱՆՔ

Քահանայ. Փրկել զմեզ ի փորձութենէ եւ յամենայն վտանգից մերոց:


ՔԱՐՈԶ

Սարկաւագ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք:

Վասն լսելի լինելոյ Տեառն Աստուծոյ ձայնի աղաչանաց մերոց բարեխօսութեամբ սուրբ Աստուածածնին, եւ իջանելոյ ի վերայ մեր ողորմութեան եւ գթութեան Տեառն Աստուծոյ: Ամենակալ Տէր Աստուած մեր, կեցո եւ ողորմեա:

Քահանայ. Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:


ՍԱՂՄՈՍ (Ողբաձայն) 109(108).2,4

🎵 Դպիրներ.

🔸 Փոխանակ սիրոյ իմոյ մատնէին զիս, այլ ես յաղօթս կայի:

🔸 Աստուած օրհնութեան իմոյ մի՛լըոեր, զի բերան մեղաւորի, բերան նենգաւորի բացաւ ի վերայ իմ:

Սարկաւագ. Օրթի:

Քահանայ. Խաղաղութիւն ամենեցուն:

Դպիրներ. Եւ ընդ հոգւոյդ քում:

Սարկաւագ. Երկիւղածութեամբ լուարուք:

Քահանայ. Սրբոյ Աւետարանիս Յիսուսի Քրիստոսի որ ըաո Յուվհաննու (18.28-19.16):

Դպիրներ. Փառք քեզ, Տէր, Աստուած մեր:

Սարկաւագ. Պոօսխումէ:

Դպիրներ. Ասէ Աստուած:

Քահանայ. Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս:

Կայիափայի տունէն Յիսուսը տարին կառավարիչին պալատը: Առաւօտ կանուխ էր: Հրեաները պալատ չմտան, որպէսզի իրենց Օրէնքին համաձայն չպղծուին եւ կարենան զատկական ընթրիքը ուտել: Ուստի Պիղատոս դուրս ելաւ եւ հարցուց.

- Ի՞նչ բանով կ'ամբաստանէք այս մարդը:

Անոնք պատասխանեցին.

- ԵթԷ այս մարդը չարագործ չըլլար՝ քեզի չէինք յանձներ զայն:

Պիղատոս ըսաւ.

- Ուրեմն առէք եւ ձեր Օրէնքին համաձայն դատեցէք զայն:

Անոնք պատասխանեցին.

- Մենք իրաւունք չունինք ոեւէ մէկը մահուան դատապարտելու:

Այսպիսով կ'իրականանար Յիսուսի խօսքը, որով կ'ակնարկէր՝ թէ ի՜նչպիսի մահով պիտի մեռնէր ինք:

Պիղատոս կրկին պալատ մտաւ, կանչեց Յիսուսը եւ հարցուց.

- Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը:

Յիսուս պատասխանեց.

- Այդ հարցումը դուն քեզմէ՞ կ'ընես, թէ ուրիշներ ըսին քեզի իմ մասիս:

Պիղատոս ըսաւ.

- Ինչու ե՞ս ալ Հրեայ եմ: Քու ժողովուրդդ եւ աւագ քահանաները քեզ յանձնեցին ինծի: Ի՞նչ ըրած ես դուն:

Յիսուս պատասխանեց.

- Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ: Եթէ իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն ըլլար` անշուշտ հետեւորդներս պիտի կռուէին, որպէսզի Հրեաներուն ձեռքը չիյնամ: Բայց ո՛չ, իմ թագաւորութիւնս այստեղէն չէ:

Պիղատոս ըսաւ.

- Այդպէս ուրեմն, թագաւո՞ր ես:

Յիսուս պատասխանեց.

- Ահա դո՜ւն ես ըսողը որ թագաւոր եմ: Ես ծնած եւ աշխարհ եկած եմ մէկ բանի համար, որպէսզի վկայեմ ճշմարտութեան: Ով որ կողմնակից Է ճշմարտութեան՝ անիկա իմ խօսքս կը լսէ:

Պիղատոս հարցուց.

- Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը:

Ասիկա ըսելէ ետք՝ Պիղատոս կրկին դուրս ելաւ Հրեաներուն մօտ եւ ըսաւ անոնց.

- Այս մարդուն վրայ ոեւէ յանցանք չեմ գտներ: Բայց ձեր սովորութեան համաձայն, ամէն Զատիկի տօնին բանտարկեալ մը ազատ կ'արձակեմ ձեզի: Արդ, կ'ուզէ՞ք որ Հրեաներու թագաւորը ազատ արձակեմ ձեզի:

Բոլորը միասին աղաղակեցին.

- Ո՜չ զինք, այլ՝ Բարաբբա՜ն:

Եւ Բարաբբան աւազակ մըն էր:

Պիղատոս առաւ Յիսուսը եւ զայն մտրակով ծեծել տուաւ: Զինուորները փուշէ պսակ մը շինեցին եւ դրին անոր գլխուն եւ ապա ծիրանի զգեստ հագցուցին անոր: Անոնք իրեն կու գային ու կ'ըսէին.

- Ողջո՜յն, Հրեաներու թագաւոր, - եւ կ'ապտակէին զինք:

Պիղատոս դարձեալ դուրս ելաւ եւ ըսաւ ամբոխին.

- Ահա դուրս կը բերեմ զայն ձեզի, որպէսզի գիտնաք՝ թԷ ես ոեւէ յանցանք չեմ գտներ անոր վրայ:

Եւ Յիսուս դուրս ելաւ՝ փուշէ պսակը գլխուն եւ ծիրանի զգեստը՝ վրան: Պիղատոս ըսաւ անոնց.

- Ահա՛ ձեր մարդը ձեզի:

Երբ աւագ քահանաները եւ սպասաւորները տեսան զինք, բարձրաձայն աղաղակեցին.

- Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ զայն:

Պիղատոս ըսաւ.

- Այն ատեն՝ դո՛ւք առէք եւ ձեր ձեռքով խաչը հանեցէք, որովհետեւ ես ոեւէ յանցանք չեմ գտներ իր վրայ:

- Մենք Օրէնք ունինք, - վրայ բերին Հրեայ ղեկավարները, - եւ մեր Օրէնքին համաձայն պէտք Է մեռնի, որովհետեւ ինքզինք Աստուծոյ Որդի ըրաւ:

Պիղատոս ասիկա որ լսեց, ա՛լ աւելի վախցաւ: Կրկին պալատ մտաւ եւ հարցուց Յիսուի.

- Ուրկէ՞ ես դուն:

Բայց Յիսուս չպատասխանեց: Պիղատոս ըսաւ անոր.

- Չե՞ս խօսիր ինծի հետ. չե՞ս գիտեր՝ թէ իշխանութիւն ունիմ քեզ խաչը հանելու, ինչպէս նաեւ՝ քեզ ազատ արձակելու:

Յիսուս պատասխանեց.

- Իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն պիտի ունենայիր՝ եթէ քեզի վերէն՝ Աստուծմէ տրուած չըլլար: Հետեւաբար մեծ մեղքը անորն է՝ որ զիս քեզի յանձնեց:

Այս խօսքին վրայ` Պիղատոս կերպ մը կը փնտռէր, որ ազատ արձակէ Յիսուսը, բայց Հրեայ ղեկավարները կ'աղաղակէին.

- Եթէ ազատ արձակես՝ կայսրին բարեկամ չես: Ով որ ինք զինք թագաւոր կը կոչէ՝ հակառակ Է կայսրին:

Երբ Պիղատոս այս խօսքերը լսեց, դուրս հանեց Յիսուսը եւ ատեան նստաւ, այն տեղը՝ ոը Քարայատակ կը կոչուէր, Եբրայերէն՝ Կապպաթա: Զատիկի նախորդ օրն էր, կէսօրուան մօտ: Պիղատոս ըսաւ ամբոխին.

- Ահա՛ ձեր թագաւորը ձեզի:

Բայց անոնք աղաղակեցին.

- Սպաննէ՛ զայն, սպաննէ՛ զայն. խա՛չը հանէ զինք:

Պիղատոս հարցուց.

- Ձեր թագաւորը խա՞չը հանեմ:

Աւագ քահանաները պատասխանեցին.

- Մենք կայսրէն զատ ուրիշ թագաւոր չունինք:

Այն ատեն Պիղատոս Յիսուսը անոնց ձեռքը յանձնեց, որպէսզի խաչուի:

ՔԱՐՈԶ

Սարկաւագ. Խնդրեսցուք հաւատով միաբանութեամբ ի Տեառնէ, զի զողորմութեան զշնորհս իւր արասցէ ի վերայ մեր: Տերն ամենակալ կեցուսցէ եւ ողորմեսցի:

Դպիրներ. Կեցո, Տէ՛ր: Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա:


ԱՂՕԹՔ

Քահանայ. Քում ամենազօր եւ հրաշալի մատնութեանդ, Քրիստոս Աստուած մեր, երկիր պագանեն զօրք հրեշտակաց, զի դու միայն ունիս զանմահութիւն, բնակեալդ ի լոյս անմատոյց: Եւ մեք՝ հողեղէն արարածքս, խոնարհեալք երկիւղիւ երկիր պագանեմք, զսուրբ եւ զհրաշալի եւ զյաղթող զմատնութիւնդ քո օրհնեմք եւ փառաւորեմք: Եւ ընդ երկնային զօրսն մատուցանեմք զօրհնութիւն եւ զփառս ընդ Հօր եւ ընդ Սրբոյ Հոգւոյդ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Սարկաւագ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք, ընկալ կեցո եւ ողորմեա:

Քահանայ. Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:


ՇԱՐԱԿԱՆ ԲԿ

🎵 Դպիրներ.

🔸 Խաչի քո, Քրիստոս, երկիրպագանեմք եւ ըզսուրբ մատնութիւնըդ քո մեծացուցանեմք եւ ըզսուրբ չարչարանսըդ քո փառաւորեմք, եկայք հաւատացեալք երկըրպագեսցուք Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ. վասըն զի եկն ի ձեռըն խաչին իւրոյ շնորհեաց պարգեւս աշխարհի: Սուրբ Աստըւած, սուրբ հւ հըզօր, սուրբ եւ անմահ՝ որ մատնեցար վասըն մեր, ողորմեա մեզ: (Երեք անգամ կրկնել):

🔸 Փառք սուրբ խաչիդ, ալէլուիա. սուրբ մատնութեանդ, ալէլուիա. չարչարանացդ, ալէլուիա:

🔸 Նըշանեցաւ առ մեզ լոյս երեսաց քոց եւ ետուր ուրախութիւն սըրտից մերոց. ի պըտղոյ ցորենոյ, գինւոյ եւ ձիթոյ իւրեանց լըցուցեր ըզնոսա:

🔸 Փառք սուրբ խաչիդ, ալէլուիա. սուրբ մատնութեանդ, ալէլուիա. չարչարանացդ, ալէլուիա:

🔸 Փառք եւ երկըրպագութիւն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սըրբոյ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

🔸 Փառք սուրբ խաչիդ, ալէլուիա. սուրբ մատնութեանդ, ալէլուիա. չարչարանացդ, ալէլուիա:

🔸 Խաչըն կենարար, որ եղեւ մեզ փըրկութիւն, սովաւ ամենեքեան ըզքեզ բարերանեմք:

🔸 Որ ի Հօրէ լուսոյ լոյս ճառագայթեալ ի յերկրի, եւ գաւազան զօրութեան հաւատացելոց. սովաւ ամենեքեան ըզքեզ բարեբանեմք:

🔸 Որ լուսափայլ ծագմամբ հրաշափառապէս մեզ ցուցաւ ի յօգնութիւն ընդդէմ թըշնամւոյն. սովաւ ամենեքեան ըզքեզ բարերանեմք:

🔸 Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Uըրբոյ: Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

🔸 Որ յատենի կացեր անպարտդ կողին պատրանօք, եւ արբուցեր մեզ ի կողահոս աղբերէդ, նորոգեա եւ զիս զապականեալըս մեղօք:

coro hombres
Սարկաւագ. Սուրբ խաչիւս աղաչեսցուք զՏէր, զի սովաւ փրկեսցէ զմեզ ի մեղաց եւ կեցուսցէ շնորհիւ ողորմութեան իւրոյ: Ամենակալ Տէր Աստուած մեր, կեցո եւ ողորմեա:


ԱՂՕԹՔ

Քահանայ. Պահպանեա զմեզ, Քրիստոս Աստուած մեր, ընդ հովանեաւ սուրբ եւ պատուական խաչի քո ի խաղաղութեան, փրկեա յերեւելի եւ յաներեւոյթ թշնամւոյն: Արժանաւորեա գոհութեամբ փառաւորել զքեզ ընդ Հօր եւ ընդ Սրբոյ Հոգւոյդ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Օրհնեալ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս։ Ամէն։ Հայր մեր, որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն Քո։ Եկեսցէ արքայութիւն Քո։ Եղիցին կամք Քո որպէս յերկինս եւ յերկրի։ Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր։ Եւ թող զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց։ Եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա զմեզ ի չարէ։ Զի Քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս։ Ամէն։

Օրհնեալ եղերուք ի շնորհաց Սրբոյ Հոգւոյն. երթայք հանգերուք խաղաղութեամբ եւ Տէր եղիցի ընդ ձեզ, ընդ ամենեսեանդ: Ամէն: